Հայ Երեխաները Մանկապատանեկան Նկարչական Մրցոյթին Արժանացած Են Մրցանակներու
![](https://old.hayernaysor.am/wp-content/uploads/2014/11/01-300x225.jpg)
Հոկտեմբեր 10-ին Սոֆիայի մէջ կայացած է «Հայրենիքիս հեքիաթներու, առասպելներու եւ լեկենտներու աշխարհը» մանկապատանեկան նկարչական մրցոյթը: Այս մասին կը տեղեկանանք ՀՀ մշակոյթի նախարարութեան պաշտօնական կայքէն:
Մրցոյթին ներկայացուած են 126 ստեղծագործութիւններ 6 երկիրներէ: Հայաստանէն մրցոյթին մասնակցած են 12-ամեայ Լիլի Մանեան իր «Արա Գեղեցիկ եւ Շամիրամ» ստեղծագործութիւնով` զբաղեցնելով 2-րդ մրցանակային տեղը, 8-ամեայ Մոնիքա Մելքոնեան` «Սասունցի Դաւիթ» աշխատանքով` 3-րդ տեղը, 13-ամեայ Զարուհ Գէորգեանցն իր «Ժամանակը» աշխատանքով` արժանացած է
խրախուսական մրցանակի:
Առաջին, երկրորդ եւ երրորդ տեղերը զբաղեցուցած երեխաները ԵՈՒՆԵՍԿՕ-ի Ոչ նիւթական մշակութային ժառանգութեան պահպանութեան ընկերակցութեան Սոֆիայի տարածաշրջանային կեդրոնի հրաւէրով`Դեկտեմբեր 1-ին պիտի մասնակցին Սոֆիայի մէջ կայանալիք ցուցահանդէսին եւ մրցանակաբաշխութեան: