«#2015RTAG. Ճանչնալ Հայոց ցեղասպանութիւնը” նախաձեռնութիւնը համացանցային կայք ունի` 2015rtag.com

Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին ընդառաջ 20-րդ դարասկիզբին մարդկութեան դէմ գործուած այդ ոճրագործութեան մասին հանրային իրազեկման եւ դատապարտմանն ուղղուած «#2015RTAG. Ճանչնալ Հայոց ցեղասպանութիւնը” խորագիրը կրող նախաձեռնութիւնը կը շարունակէ նոր թափ ստանալ:

Ըստ «Արմէնփրես”-ի` նախաձեռնութեան հեղինակներու ջանքերով արդէն ստեղծուած է յատուկ համացանցային կայք` 2015rtag.com, որ միտուած է նախաձեռնութեան աւելի մեծ թիւով մարդոց ներգրաւելուն:

Կայքին մէջ կը տեղադրուին այն անձերու լուսանկարները, որոնք արդէն իսկ մասնակցած են #2015RTAG շարժումին: Բացի այդ, այստեղ եօթ լեզուով` հայերէն, ռուսերէն, անգլերէն, սպաներէն, փորթուկալերէն, ֆրանսերէն եւ իտալերէն, ներկայացուած է, թէ ինչպէս պէտք է մասնակցիլ նախաձեռնութեան` «#2015RTAG. Recognize The Armenian Genocide” գրութեամբ պաստառով լուսանկարուելով եւ լուսանկարը ներբեռնելով: Միաժամանակ կայքին մէջ կայ ժամատախտակ, ուր յետհաշուարկ կը ընթանայ մինչեւ 2015 թուականի Ապրիլ 24-ը:

Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին ընդառաջ Մարսէլի հայ համայնքը սկսած է շարժում, որու նպատակն է համացանցի միջոցով տարածել Հայոց ցեղասպանութիւնը ճանաչելու կոչ: Շարժումին արդէն իսկ միացած են հազարէն աւելի մարդ, որոնց շարքին յայտնի անհատներ (Հայաստանի առաջին տիկին Ռիտա Սարգսեան, ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան, ՀՀ մշակոյթի նախարար Յասմիկ Պօղոսեան, ԵՄ պատգամաւոր, Եմ-Հայաստան խօրհրդարանական բարեկամութեան խումբի ղեկավար Էլենի Տէոխարուս,Հրանդ Տինքի իրաւապաշտպան Ֆեթիէ Չեթին, Եւրոպայի Հայ դատի գրասենեակի ղեկավար Գասպար Կարապետեան, Ֆրանսայի Ազգային ժողովի պատգամաւոր Վալերի Պուայէ, Հայաստան-ֆրանսա պատգամաւորական բարեկամական խումբի փոխնախագահ Ֆրանսուա Ռոժբլուան, Ֆրանսայի Տեսին քաղաքի քաղաքապետ Լորանս Ֆոտրա, ֆրանսական շոու բիզնեսի եւ հասարակական-քաղաքական շրջանակներու ներկայացուցիչներ եւ այլն):

Այս նպատակով Facebook-ի եւ Twitter-ի մէջ բացուած է յատուկ էջ, ուր կը տեղադրուին շարժման միացած մարդոց նկարները:

Scroll Up