ՀԱՅՈՑ ԼԵԶՈՒԻ ՊԱՀՊԱՆ ԽԱՉԱՏՈՒՐ ԱԲՈՎԵԱՆԸ

Որքա՞ն իրապաշտ պիտի   ըլլար   խօսիլ  հայ մշակոյթի  ծառաներու մասին,առանց  յիշատակելու  Խաչատուր Աբովեանը:

Նահապետական  նշանաւոր   ընտանիքի զաւակ Խաչատուր Աբովեան ծնած է  Քանաքեռ,  1809-ին: Նախնական  ուսումի   համար, ծնողները զինք կը  յանձնեն  Էջմիածինի  Եփրեմ Կաթողիկոսին: Վեց տարի   ետք, ուսումը շարունակելու համար կը մեկնի Թիֆլիս:1823-ին կը սկսի  յաճախել  Ներսիսեան վարժարանը,  Ստեփանոս Նազարեանի եւ քանի  մը ուրիշներու հետ կը   դառնայ այդ կրթական օճախին առաջին շրջանաւարտներէն մէկը:  Հայրենիք  կը  վերադառնայ  եւ կը ձեռնադրուի սարկաւագ: Ժամանակ մը ետք,  ռուս եւ  եւրոպացի  ճանապարհորդներու համար կ’աշխատի  իբրեւ  թարգմանիչ:

Խաչատուր Աբովեանի  հասարակական – քաղաքական հայեացքները կը ձեւաւորուին  1828-29 թուականներուն, ռուս-թրքական պատերազմի   ընթացքին, երբ  պատերազմի սարսափին չդիմանալով, աւելի  քան  իննսուն հազար արեւելահայեր  ակամայ  գաղթեցին դէպի Ռուսաստան եւ  Պարսկաստան :  Ձարական  Ռուսիոյ եւ   Օսմանեան  Թուրքիոյ  հակահայ    քաղաքականութիւնը չէր կրնար  բացասական  ազդեցութիւն չունենալ ազատամիտ  Աբովեանի  հասարակական- քաղաքական  հայեացքներուն   վրայ:

Ձարական Ռուսիոյ    նկատմամբ խանդավառ   վերաբերմունք ունեցող  Աբովեանի մօտ յառաջացան գաղափարական շրջադարձի  նախադրեալներ՝  ձախողեցան   դպրոց ստեղծելու անոր ծրագիրները, չիրականացան սեփական պետականութիւն  վերականգնելու  հայ ժողովուրդին ձգտումները: Ռուսիոյ ապաւինող  Աբովեանը համոզուեցաւ, որ անհրաժեշտ էր վստահիլ միայն ու միայն  սեփական  ուժին:

1829 թուականին,  խումբ մը գիտնականներու ընկերակցութեամբ, Էջմիածին կ’այցելէ Թորպատի (Էսթոնիա) համալսարանի  դասախօս  Ֆրիտրիխ Պարոթը՝ Արարատ  լերան գագաթը բարձրանալու առաքելութեամբ: Ամենայն  Հայոց Եփրեմ կաթողիկոսը Աբովեանին կ’արտօնէ մասնակցիլ այդ  արշաւախումբին՝ իբրեւ  տեղական պայմաններուն ծանօթ անձնաւորութիւն:  Պարոթի  հետ ծանօթութիւնը կը զարգանայ: Յետագային,  Աբովեան, պետական  կրթաթոշակով  բարձրագոյն ուսում կը ստանայ  Թորպատի համալսարանին մէջ: Այդ միջոցին լաւապէս կը տիրապետէ  գերմաներէն,  ֆրանսերէն, Անգլերէն,լատիներէն  լեզուներուն: Կ’ուսումասիրէ պատմութիւն, բնական  եւ հասարակական  գիտութիւններ,երաժշտութիւն:  Հայրենիք վերադառնալէ ետք  տեսուչ կը նշանակուի Թիֆլիսի եւ  այլ գաւառական դպրոցներու  մէջ: 1848-ին կը նշանակուի  Թիֆլիսի  Ներսիսեան վարժարանի տեսուչ,սակայն տակաւին պաշտօնը չստանձնած, կ’անհետանայ…:

Մեծ Լուսաւորիչին  խորհրդաւոր  անհետացումին մանրամասնութիւնները,  թանձր  խաւարի մէջ  թաղուած կը մնան առ այսօր: Ակսել Բակունցի կարծիքով, Խաչատուր Աբովեանը մեկնած է մասնակցելու Եւրոպական Յեղափոխութիւններուն: Հանրածանօթ ակադեմիկոս Աշոտ Յովհաննիսեան կը պնդէ, թէ  Աբովեան գործած է անձնասպանութիւն: Ուրիշներու մօտ   այն համոզումը ստեղծուած  է, թէ թուրքերը սպաննած են Աբովեանը: Ոմանք  կը պնդեն՝ Աբովեան աքսորուած է Սիպերիա: Անոր աքսորին մասին  գոյութիւն ունի բաւական  կարեւոր  փաստաթուղթ:  Նոյնանման վկայութիւն մը  նաեւ առկայ է    բանաստեղծ Աւետիք Իսահակեանի մօտ:

1927-ին,  Վիեննայի մէջ տպագրուած  «Հանդէս Ամսօրեայ»ի  համարներէն մէկուն մէջ, «Խաչատուր Աբովեանի գերեզմանը Ախոտսկի մէջ»  խորագիրով յօդուածը ստորագրող Ռուբէն վարդապետ Մանասեան կը պատմէ, թէ  Սարգիս  Գրձիլեան անունով կովկասահայ մը   իրեն վկայած է հետեւեալը՝  Ծերուն անունով անձնաւորութիւն մը, որ  նոյնպէս աքսորուած  է Սախալին եւ տիրապետած լուսանկարչութեան արուեստին,իրեն նուիրած է շարք մը լուսանկարներ,որոնց մէջ  եղած է նաեւ Աբովեանի  գերեզմանին լուսանկարը: Այս մասին անոր  յայտնած է  ռուս մը՝ ըսելով.« Դուն հա՞յ ես,  ահա այստեղ թաղուած է Խաչատուր Աբովեանը, որ աքսորուած էր այստեղ»:

Խաչատուր Աբովեանի  Սիպերիա աքսորուելու  կարելիութեան մասին փաստարկ մը եւս  կը բերէ  Սուրբ Էջմիածնի  Ճեմարանի  վաստակաւոր  ուսուցիչ Ստեփան  Կանայանցը: Ան կը պատմէ,  թէ  Գերմանիա  գտնուած  տարիներուն, Աստրախանի իր բարեկամէն ստացած  նամակներէն  մէկուն մէջ,   վերջինս  կը յիշատակէ,թէ  ռուս նշանաւոր հրապարակախօս  Նիքոլայ Չերնիշեւսքին,Աստրախանի մէջ հանդիպած   հայերուն պատմած է , թէ ինք Սիպիրի մէջ աքսորի   օրերուն յաճախ  տեսած է  Խաչատուր Աբովեանը:

Խաչատուր Աբովեան կը նկատուի   հայ նոր գրականութեան  հիմնադիրը, իր «Վէրք  Հայաստան» պատմական  վէպով:  «Վէրք   Հայաստանի» վէպը  մեծ ազդեցութիւն  ձգած է   հայ  հասարակական  մտքի  զարգացման վրայ՝  ընթերցողը դաստիարակելով հայրենասիրութեան եւ ազգային  զոհողութեան ոգիով: Անոր նիւթը  հայ ժողովուրդի  գոյապայքարն է:  Օտարի լուծէն ազատագրուելու,  համախմբուելու, կորսնցուցած պետականութիւնը վերականգնելու  ձգտումները: «Վէրք Հայաստանի» վէպին մէջ, Աբովեան   յաջողեցաւ բացատրել  հայ ժողովուրդի  քաղաքական հոգեւոր,  տնտեսական  թշուառութեան  պատճառները, միաժամանակ ցոյց տալով  վերածնութեան   ճանապարհը: :  «Վէրք  Հայաստանի»ն  ազգային  դիւցազներգութեան  հերոսապատում   մըն է , որ ուժ եւ  կորռվ կը  ներշնչէ  հայ  նոր սերունդին

«Վէրք  Հայաստանի» վէպին  մէջ Խաչատուր Աբովեան կ’արծարծէ  համազգային  կարեւոր  հարցեր:  Առաջինը անկասկած լեզուի  խնդիրն էր:  Աբովեան  կը հաստատէ, թէ գրաբարը   մեր ժողովուրդի  հին  ժամանակաշրջանի գրական  լեզուն է եւ  մշակուած  հայերէնի բարձրագոյն  ձեւը:  Աբովեան  երբեք  բացասաբար չի  խօսեր  գրաբարի մասին,սակայն  կ’աւելցնէ՝ գրաբարը  չէր կրնար  դառնալ  ընդհանուր խօսակցական լեզու: Աբովեանի  կարծիքով,աշխարհաբարը  աւելի հարազատ ըլլալով  ժողովուրդին՝ պիտի  հանդիսանար խաւարի եւ  տգիտութեան մէջ խարխափող  հայ հասարակական  կեանքը   լուսաւոր  ուղի  դուրս  բերող միջոցը:Աբովեան համոզուած էր, որ  նոր գրականութիւնը եւ հայախօսութիւնը  հզօր  թռիչք պիտի պարգեւեն  հայ ժողովուրդի երեւակայութեան:

Աբովեանի երկրորդ   հարցը «Վէրք Հայաստանի» վէպին մէջ հերոսի  կերպարն է: Ան երկար ժամանակ կը մտածէ, թէ որո՞ւն  մասին գրէ, որպէսզի  ժողովուրդը  հաճոյքով  փնտռէ եւ կարդայ: Ժողովուրդին  մօտ արթնցնէ  ընթերցանութեան ոգին: Աբովեան  ընտրեց ժողովուրդի ծոցէն  ծնած  հերոս մը: Հասարակ  գիւղացի  երիտասարդ մը՝ Աղասին: Կ’արժէ նշել, որ Աղասին իսկական կերպար է: Աբովեանի  ժամանակակիցը: Անոր կերպային մէջ կ’արտացոլայ  հայրենասիրութիւնը,  հայ ժողովուրդին ազգասիրութիւնը:

Ինչպէս   Յովհաննէս Թումանեան կը բնորոշէ .«  Խաչատուր Աբովեանի «Վէրք  Հայաստանի» վէպը  հայ  ժողովուրդի  տանջանքի եւ տենչանքի արտայայտութիւնն է »:

Խաչատուր Աբովեան կը մնայ  մեր ժողովուրդի  մշակութային  ժառանգութիւնը պահպանող տիտաններէն մին:  Պատահական  չէ, որ  մեր  մայրենի լեզուի դասագիրքերէն շատեր  կը սկսին  հայոց լեզուի   պահպանութեան   մասին   Խաչատուր Աբովեանի աղերսագին եւ  մարգարէաշունչ   խօսքերով: Պատահական  չէ, որ  մեծ բանաստեղծ Աւետիք Իսահակեան՝ փոքր գետերու  ծնունդ տուուղ  ջրաբաշխական բարձունքի մը  հիմնադիրը կը  նկատէ  Խաչատուր Աբովեանը:   Այդ  գետերէն  մէկն ալ,որ սկիզբ առած է  անոր ակունքէն, սկզբնաւորեց  ազգային –ազատագրական պայքարը , ազգային ինքնագիտակցութեան զարթօնքը:

ԱՀԱՐՈՆ ՇԽՐՏԸՄԵԱՆ

Լիբանան

Scroll Up