Արցախի Նախագահը Հանդիպած Է ՀՅԴ Ղեկավար Կազմին Հետ
![](https://old.hayernaysor.am/wp-content/uploads/2014/10/0194.jpg)
Արցախի Հանրապետութեան Նախագահ Բակօ Սահակեան Հոկտեմբեր 6-ին այցելած է հանրապետութեան հարաւային թեւ ու հանդիպած ՀՅԴ ղեկավար կազմի խումբ մը անդամներու հետ` ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Հրանդ Մարգարեանի գլխաւորութեամբ:
Այս մասին կը տեղեկացնեն Արցախի Հանրապետութեան նախագահի լրատուական ծառայութենէն, Նախագահ Սահակեան կարեւոր համարած է Հայաստանի եւ Սփիւռքի մասնակցութիւնը Արցախի մէջ տարբեր ծրագիրներու իրականացման գործին մէջ` նշելով, որ նման մօտեցում կը հանդիսանայ ԼՂՀ սոցիալ-տնտեսական զարգացման կարեւորագոյն գրաւականներէն մէկը:
Նախագահին կ’ուղեկցէին փոխվարչապետ Արթուր Աղաբեկեան, պաշտօնատար այլ անձիք: