ՀՀ Անկախութեան 23-րդ Տարեդարձին Նուիրուած Ձեռնարկ Գահիրէի Մէջ

Սեպտեմբեր 28-ին ՀՀ Անկախութեան 23-րդ տարեդարձին առիթով Եգիպտոսի մէջ ՀՀ դեսպանութիւնը կազմակերպած էր ընդունելութիւն:

Ձեռնարկին ներկայ էին Եգիպտոսի բնապահպանութեան նախարար Խալէտ Ֆահմին, Եգիպտոսի մշակոյթի նախարարի առաջին տեղակալ Քամելիա Սոպհին, արտաքին գործոց, միջազգային համագործակցութեան եւ այլ նախարարութիւններու ու գերատեսչութիւններու պատասխանատու պաշտօնեաներ, օտարերկրեայ դեսպաններ, հասարակական-քաղաքական գործիչներ, գործարարներ, լրագրողներ, ինչպէս նաեւ եգիպտահայ համայնքի բազմաթիւ անդամներ:

Ընդունելութեան ելոյթ ունեցաւ Եգիպտոսի մէջ ՀՀ դեսպան Արմէն Մելքոնեան: Ան խօսեցաւ անկախութեան տարիներուն Հայաստանի ձեռքբերումներու եւ հայ–եգիպտական յարաբերութիւններու զարգացման ընթացքին մասին, անդրադարձաւ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնահարցի խաղաղ կարգաւորման` խօսելով Հայաստանի` ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի համանախագահներուն հետ համատեղ ներդրած ջանքերուն մասին: Անդրադառնալով Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեայ տարելիցին` ՀՀ դեսպանը ընդգծեց Թուրքիոյ` սեփական պատմութեան առերեսուելու հրամայականը:

Նախօրէին ՀՀ դեսպանութիւն  այցելած էր Եգիպտոսի նախագահ Ապտել Ֆաթթահ Ալ Սիսիի անձնական ներկայացուցիչ Ահմատ Մենեսը, որ ՀՀ Անկախութեան 23-րդ տարեդարձին առիթով ՀՀ դեսպանին  փոխանցած էր երկրի  ղեկավարի   ջերմագին   շնորհաւորանքներն   ու   բարեմաղթանքները`  ուղղուած   ՀՀ   նախագահ Սերժ Սարգսեանին եւ բարեկամ հայ ժողովուրդին:

Scroll Up