Հայկական Աւանդական Կուսակցութիւնները կը Դատապարտեն
Հայկական երեք աւանդական կուսակցութիւնները (ՌԱԿ, ՀՅԴ, ՍԴՀԿ) հանդէս եկած են համատեղ յայտարարութեամբ՝ դատապարտելով օրեր առաջ Տէր Զօրի Սրբոց Նահատակաց հայկական եկեղեցւոյ դէմ գործուած արարքը:
Յայտարարութեան մէջ մասնաւորապէս ըսուկած է.
‘Մինչ հայ ժողովուրդը կը պատրաստուի ոգեկոչելու Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակը եւ այնպիսի ժամանակաշրջանի մը մէջ, երբ Հայաստանի մէջ տեղի կ’ունենար Հայաստան – Սփիւռք 5-րդ համահայկական համաժողովը, որուն ընթացքին հայութիւնը անգամ մը եւս միջազգային ընտանիքէն արդարութիւն պահանջեց, ոճրային ձեռքը երկարեցաւ՝ Տէր Զօրի մէջ ականահարելով Սրբոց Նահատակաց եկեղեցին եւ անոր կից գտնուող թանգարանը, ուր կը հանգչին Հայոց ցեղասպանութեան բազմաթիւ նահատակներու աճիւնները։
Հայ քաղաքական երեք կուսակցութիւնները խստօրէն կը դատապարտեն այս ականահարումը՝ մեկնելով հայութեան համար Սրբոց Նահատակաց եկեղեցւոյ ներկայացուցած բարոյական եւ խորհրդանշական արժէքէն, եւ կոչ կþուղղեն միջազգային ընտանիքին ամէնէն արագ միջոցին շարժելու՝ դատապարտելու համար ոճրային այս արարքը։
Հայ քաղաքական երեք կուսակցութիւնները նաեւ կոչ կþուղղեն թրքական պետութեան սանձելու ոճրագործները՝ մեկնելով անոնց հետ իր ունեցած կապերէն, անկախ այսպիսի արարքներու մէջ իր ունեցած ուղղակի թէ անուղղակի պատասխանատուութենէն”։
ՍԴՀԿ Լիբանանի Շրջանի Վարիչ Մարմին
ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ
ՌԱԿ Լիբանանի Շրջանային Վարչութիւն