Նոր հրատարակութիւն. ուսումնական օժանդակ ձեռնարկ հոգեւոր կրթական հաստատութիւններու համար
Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ծայրագոյն Պատրիարք եւ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի օրհնութեամբ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինի Հրատարակչական բաժինը հրապարակած է Աթէնքի պետական համալսարանի գործնական աստուածաբանութեան բաժնի դասախօս Գէորգիոս Ֆիլիասի` «Եկեղեցական հռետորութիւն եւ ժամանակակից աստուածաբանական խօսքի փոխանցում» ուսումնական օժանդակ ձեռնարկը` նախատեսուած հոգեւոր կրթական հաստատութիւններու համար, գիրքը յունարէնէն թարգմանած է Տ. Գաբրիէլ քահանայ Վարդանեանը: Այս մասին կը տեղեկացնէ Մայր Աթոռի լրատուական ծառայութիւնը։
Գիրքը ընթերցողին հնարաւորութիւն կ’ընձեռէ լաւագոյնս ծանօթանալու եւ ներըմբռնելու եկեղեցական հռետորութեան դարաւոր աւանդները: Ձեռնարկին մէջ քննարկուած են եկեղեցական հռետորի համար կարեւոր հարցեր, ինչպէս օրինակ` աստուածաբանական խօսքի քրիստոսակեդրոնութիւնը, ծիսական կամ խորհրդազգացական աստուածաբանական խօսքի յատկանիշները: Գիրքի հեղինակը կ’անդրադառնայ նաեւ եկեղեցական հռետորական խօսքի արդիականացման քաղաքակրթութեան, գիտութեան եւ ներկայ ժամանակներու մարդու կեանքի չափանիշներուն համապատասխան:
Գիրքը հրատարակուած է մեկենասութեամբ «Սարգիս Գաբրիէլեան» հիմնադրամի: