ՀՀ Սփիւռքի Նախարարի Տեղակալը Մասնակցեցաւ «Արփա» Հիմնարկի «Նորարարութիւն» Ամէնամեայ Մրցանակաբաշխութեան
Սեպտեմբեր 23-ին ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան եւ Երեւանի պետական համալսարանի նախաձեռնութեամբ ԵՊՀ Պալեաններու դահլիճին մէջ տեղի ունեցաւ ԱՄՆ Քալիֆորնիոյ նահանգի Լոս Անճելըսի «Արփա» հիմնարկի «Նորարարութիւն» ամէնամեայ մրցանակաբաշխութեան արդիւնքներու ամփոփման նուիրուած հանդիսութիւնը:
Մրցանակաբաշխութեան ողջոյնի խօսքով հանդէս եկաւ ՀՀ սփիւռքի նախարարի տեղակալ Սերժ Սրապիոնեան: Կարեւոր նկատելով ձեռնարկը` Ս.Սրապիոնեան նշեց. «Այս մրցանակաբաշութիւնը նպաստում է, որ բնագիտական ֆակուլտետների ուսանողութեան թիւն աւելանայ, ինչը նկատելի է վերջին տարիներին»:
Շնորհակալութիւն յայտնելով ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան եւ յատկապէս նախարար Հրանոյշ Յակոբեանին` «Արփա» հիմնարկի տնօրէն Յակոբ Փանոսեան նշեց, որ մրցանակաբաշխութիւնը կ’իրականացուի Հայրենիքի մէջ փորձագիտական գիտութիւնները զարգացնելու, Հայաստանի տնտեսութիւնը մրցունակ դարձնելու նպատակով:
Մրցանակաբաշխութեան 9 թեմատիկ ուղղութիւններուն մասնակցութեան յայտ ներկայացուցած էին 19 ուսանող` ԵՊՀ-էն, ՀՊՃՀ-էն, ՀՊՃՀ-ի Գիւմրիի մասնաճիւղէն: Մրցանակային տեղերու եւ դրամական պարգեւի արժանացած է 3 ուսանող: 1-ին տեղին համար մրցանակակիր չէ եղած: 2-րդ մրցանակը տրուած է Հրայր Հովնիկեանին, Պարոյր Աւետիսեանին` «Ելեկտրոլիտ լուծոյթներու հաղորդակցութեան ոչ կոնտակտային չափման ֆեռոելեկտրոնային նանօթաղանթային տուիչի մշակում եւ հետազօտում» թեմային համար եւ Հրաչ Տօնէյեանին, Արմինէ Գրիգորեանին` «Սիմիլարիտոնային ժամանակայաճախային Ֆուրիէ փոխակերպիչ գերարագ ֆոտոնիկայի համար» թեմային համար, 3-րդ մրցանակը` Ովսաննա Զատոյեանին` «Գրաֆիկի լայնածաւալ արտադրութեան աժան, հեշտ եւ ոչ աւանդական տեխնոլոգիա» թեմային համար: