Տեղի Ունեցաւ Պոլսահայ Երգչուհի Սիպիլի «Սէր» Ձայնասկաւառակի Շնորհանդէսը

Սեպտեմբեր 18-ին Մոսկուա կինոթատրոնին մէջ տեղի ունեցաւ պոլսահայ սիրուած երգչուհի Սիպիլ Փեկթորոսողլիի «Սէր» ձայնասկաւառակի շնորհանդէսը, որուն ներկայ էին ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան, Երեւանի քաղաքապետարանի աշխատակազմի հանրակրթութեան վարչութեան պետ Գայիանէ Սողոմոնեան, պաշտօնեաներ, մտաւորականներ, հիւրեր:

Սիպիլի երկրորդ ձայնասկաւառակի թողարկումը եւս բարեգործական բնոյթ  կը կրէ: «Սէր» ձայնասկաւառակի վաճառքէն ստացուած ողջ հասոյթը պիտի փոխանցուի Երեւանի մանկապարտէզներէն մէկուն:

Ողջունելով երգչուհին Հայաստան գտնուելու առիթով ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեան մասնաւորապէս ըսաւ. «Սիրելի Սիպիլ, մենք միշտ ուրախ ենք քեզ տեսնել Հայաստանում, քեզ ստեղծագործական անսպառ վերելքներ ենք ցանկանում եւ նորանոր յաջողութիւններ: Այս օրերին, երբ Հայաստան-Սփիւռք  համահայկական հինգերորդ համաժողովին մասնակցելու նպատակով Հայաստան են
ժամանել բազմաթիւ սփիւռքահայեր, ուրախ եմ, որ դու էլ ես մեզ միացել»:

Բարձր գնահատելով երգչուհիի ազգանուէր գործունէութիւնը` օտար ափերու վրայ հայ մշակոյթի պահպանման եւ տարածման համար, ՀՀ սփիւռքի նախարարը պարգեւատրեց անոր նախարարութեան «Կոմիտաս» մետալով:

Երգչուհին շնորհակալութիւն յայտնեց բարձր պարգեւին համար եւ խոստացաւ մինչեւ կեանքի վերջ հպարտութեամբ այն կրել սրտին մօտ:

Երգչուհին իր մակագրութեամբ ձայնասկաւառակներ բաժնեց ներկաներուն:

Scroll Up