ՀՀ Սփիւռքի Նախարարի Շնորհաւորական Խօսքը «Վիքթորիա Եւ Գրիգոր Թիւթիւնճեան» Վարժարանի 180-Ամեայ Յոբելեանի Առթիւ
«Վիքթորիա եւ Գրիգոր Թիւթիւնճեան»
Ազգային վարժարանի յարգելի տնօրէն պարոն Սիմոն Թիւթելեան, «Սուրբ Գէորգ» եկեղեցւոյ հոգեւոր հայրեր, հոգաբարձուներու խորհուրդի անդամներ, սիրելի ուսուցիչներ, սիրասուն սաներ եւ ծնողներ, վարժարանի յարգելի բարեկամներ, հովանաւորներ – բարերարներ, Մեծ ուրախութեամբ, սիրով եւ ջերմութեամբ կը շնորհաւորեմ ձեզ «Վիքթորիա եւ Գրիգոր Թիւթիւնճեան» վարժարանի 180-ամեայ յոբելեանի առթիւ:
Մօտ 2 դար առաջ Պուլկարիոյ Փլովդիւ քաղաքին մէջ հիմնուեցաւ «Վառվառեան» տղայոց դպրոցը, որն ընդարձակուեցաւ, վերանուանուեցաւ «Վիքթորիա եւ Գրիգոր Թիւթիւնճեան» դպրոց եւ վերածուեցաւ երկսեռ վարժարանի: Այն սրբօրէն կ’իրագործէ իր առաքելութիւնը` պահել-պահպանելով հայկականութիւնը, հայ լեզուն եւ հայ մշակոյթը, կը զբաղի հայակերտումի եւ մարդակերտումի չափազանց կարեւոր գործունէութեամբ:
Վարժարանը այսօր Հայ առաքելական եկեղեցւոյ եւ մշակոյթի տան հետ համագործակցութեամբ առաւել քան ուժեղ է եւ յաջողութեամբ կը շարունակէ իր նուիրական գործը:
180 տարին պուլկարահայերու` մայրենի լեզուն պահպանելու եւ սերունդներուն փոխանցելու, հայ ինքնութեան որակները, ազգային ինքնագիտակցութիւնը հայ երեխաներուն ներարկելու անկոտրուն կամքի ու ջանքերու վկայութիւնն է:
Ունեցած փառաւոր պատմութիւնը վկայութիւնն է նաեւ դպրութեան այս օճախի բոլոր ժամանակներու ռահվիրաներու` ուսուցիչներու նուիրական աշխատանքին, որու շնորհիւ հազարաւոր հայ պատանիներ ու աղջիկներ ստացած են ոչ միայն հարուստ գիտելիքներ, այլեւ ամրապնդած իրենց ինքնութիւնը: Վարժարանի շնորհիւ է նաեւ հայը հայ մնացած հայրենիքէն դուրս` իր հոգիին եւ սրտին մէջ վառ պահելով Մայր հայրենիքի սէրն ու տեսլականը:
Փա՛ռք ու պատիւ՛ դպրոցի բոլոր ժամանակներու դպրապետերուն, ուսուցիչներուն եւ սաներուն:
Պատահական չէ, որ դպրոցն ու անոր երկար տարիներու նուիրեալ ուսուցչուհին` էլիզապէթ Վարդանեան դարձած են ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան, Համաշխարհային հայկական կոնգրէսի «Հայապահպանութեան գործին մէջ ունեցած աւանդի համար» ամենամեայ մրցանակաբաշխութեան «Լաւագոյն կրթօճախ» եւ «Մայրենիի լաւագոյն ուսուցիչ» մրցոյթներու մրցանակակիրներ:
Մեր երախտագիտութիւնը կը յայտնենք նաեւ բոլոր այն անհատ բարերարներուն եւ կազմակերպութիւններուն, որոնք իրենց աւանդը ներբերած են վարժարանի կայուն գործունէութեան ապահովման համար:
Հայաստան – Պուլկարիա քաղաքական, մշակութային եւ բարեկամական գործակցութիւնը կը նպաստէ հայ համայնքի, հայ դպրոցի գործունէութեան ու զարգացման: Հայ-պուլկարական բարեկամութիւնը, ժողովուրդներու միջեւ դարեր շարունակ ջերմ կապերը կը շարունակեն եւ կը զարգանան նաեւ դպրոցի եւ անոր շուրջ համախմբուած հարիւրաւոր հայորդիներու շնորհիւ:
Ուրախ ենք, որ դպրոցի յոբելեանի ծիրէն ներս պիտի կազմակերպուի հայոց լեզուին նուիրուած խորհրդաժողով, ուր պիտի քննարկուին կարեւոր եւ գործնական խնդիրներ:
Համոզուած եմ, որ յետագային եւս վարժարանի բոլոր մանկավարժներն ու աշակերտները, ծնողներն ու հովանաւորները առաւել ոգեւորուած ու նուիրական կ’աշխատին վառ պահելու Սուրբ Մեսրոպ Մաշտոցի ջահը, ամէնուր տարածելու մայրենի լեզուն ու հայկական շունչը:
Յարգանքով եւ բարեմաղթանքներով`
ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան