«Ես Իմ Անուշ Հայաստանի…». «Արի Տունը» Կարբի Գիւղին Մէջ

ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան «Արի տուն-2014»  ծրագիրի ծիրէն ներս  4-րդ փուլի Ապխազիայէն ժամանած 13-18 տարեկան 19 պատանիներու ու աղջիկներու հիւրընկալած էին Արագածոտնի մարզի  Կարբի գիւղական համայնքի բնակիչները` գիւղապետ Կարօ Բաղդասարեանի գլխաւորութեամբ:

Գիւղապետ Կարօ Բաղդասարեան «Հայերն այսօրի»  հետ զրոյցին  նշեց, որ մեծ սիրով համաձայնած են ընդունիլ երեխաներուն, պատրաստակամութիւն  յայտնած են նաեւ  գիւղի բնակիչները` արձագանքելով Սփիւռքի նախարարութեան առաջարկութեան: Ան նաեւ ըսաւ, որ եթէ դարձեալ ըլլային երեխաներ` մեծ ուրախութեամբ կ’ընդունէին: Գիւղապետը ողջունելով  «Արի տուն» ծրագիրը` ընդգծեց,  որ այն մեծ նպաստ կը բերէ հայապահպանութեան մեծ գործին:

Արի տուն ծրագիրով նախատեսուած առաջին շաբաթ եւ կիրակի օրերը երեխաները կ’անցնեն հիւրընկալող ընտանիքներու մօտ , որոնցմէ մէկն ալ  կը համարուի համայնքի օր:

Յուլիսի 19-ին Կարբիի գիւղապետարանի աշխատակազմը ձեռնարկներու մեծ ու բազմաբովանդակ ծրագիր  նախատեսած էր արիտունցիներուն համար:

Կարբի համայնքի գիւղապետարանի  աշխատակազմի ղեկավար Անահիտ Խուդավերդեան մեզի հետ զրոյցին պատմեց, որ երեխաներուն ընդունած են 14 ընտանիքներ, եղած են ընտանիքներ, որոնք ընդունած են երկու երեխայ: Անահիտը պատմեց, որ սկիզբը մտավախութիւն  ունեցած են, սակայն յետոյ,  երբ ծանօթացած են երեխաներուն հետ, այդ մտավախութիւնները փոխարինուած են հաճելի զգացողութիւններով եւ անմիջական ու մտերմիկ կապով: Անոր խօսքերով` գիւղին մէջ ապխազահայ աղջիկներու ու պատանիներու մուտքով մեծ աշխուժութիւն  սկսած է:

Գիւղացիները աղ ու հացով, երգ ու պարով  դիմաւորած են Ապխազիոյ երեխաները, գեղեցիկ ու հանդիսաւոր արարողութիւն կազմակերպած մշակոյթի տան մէջ, ներկայացուցած գիւղի անցեալն ու ներկան: Ամէն երեկոյ յատուկ երեխաներու համար կը կազմակերպուին ձեռնարկներ, հանգիստը կ’անցնեն աշխոյժ եւ բովանդակալից:

Ձեռնարկին մասնակցեցան նախ Սփիւռքի նախարարութեան աշխատակիցները, եղան գիւղի գրադարանը, այցելեցին հիւրընկալող ընտանիքներուն, զրուցեցին անոնց հետ:

Ապխազիայէն հայրենիք եկած Ժենիա Գառնեցեանին ընդունած է Ալինա  Մարգարեանի ընտանիքը: Ալինան պատմեց, որ անմիջապէս  սիրած է  աշխոյժ ու գեղեցկուհի Ժենեային, որ իր երեխաները մեծ դժուարութեամբ կը բաժնուին իրմէ: Օրերս Ժենեայի ծննդեան օրն էր, եւ Ալինան պատմեց, որ մեծ շուքով Կարբի ձորին մէջ անոր ընկերուհիներուն հետ միասին նշած են  այդ օրը: Ժենեան ալ իր հերթին  ուրախ էր, որ իրեն այսքան սիրով ու ջերմութեամբ ընդունեցին հայրենիքի մէջ:

Հիւրընկալող ընտանիքներէն մէկն ալ Լեւոնեաններու ընտանիքն է, որու դուստրը` Լիլիթը, պատմեց, որ չնայած տարիքային տարբերութեան, երկու ապխազահայ աղջիկներու ու իր միջեւ մեծ բարեկամութիւն ու մտերմութիւն  հաստատուած է:

Հիւրընկալող ընտանիքներու հետ ծանօթանալէ ետք մեզի կը սպասէր «Ե՛կ խօսենք հայերէն»  խորագիրով ձեռնարկ, որ կազմակերպած էին Կարբի գիւղի մշակոյթի տան սաները: Անոնք ասմունքին, հայրենասիրական երգերուն միացան նաեւ արիտունցիները:

Գիւղի եւ յարակից տարածքին մէջ գտնուող պատմամշակութային եւ տեսարժան վայրեր այցելութիւններէն  առանձնացան Սաղմոսավանքին   եւ Տառերու պուրակին մէջ շրջայցերը: Սաղմոսավանքին մէջ մեզի եւ մասնակիցներուն անսպասելի անակնկալ  կը սպասէր: Այնտեղ մենք յանպատրաստ ներկայ գտնուեցանք «Կարին» ազգային-ազգագրական պարային համոյթի պարի դասին: Անոնք արիտունցիներուն սորվեցուցին մեր ազգային շարքային, մարտական ու աշխատանքային պարերը: Երեխաները  մեծ ոգեւորութեամբ վանքի դիմաց շուրջպար բռնեցին:

Արիտունցիները  Երեւան վերադարցան հաճելի տպաւորութիւններով եւ մեծ բաւականութիւն  ստացած:

Սփիւռքի նախարարութիւնը շնորհակալութիւն կը յայտնէ Կարբի համայնքի բնակիչներուն նման գեղեցիկ ընդունելութեան համար:

Տաթեւ Դաւթեան

Scroll Up