Թիֆլիսի Հայկական Թատրոնը Երեւանի Մէջ
Վերջին շրջանին Սփիւռքի եւ մշակոյթի նախարարութիւնները մեծ ուշադրութիւն կը դրսեւորեն աշխարհի հնագոյն հայկական մշակութային օջախներէն մէկուն` Թիֆլիսի Պ. Ադամեանի անուան հայկական պետական թատրոնին, որ յայտնուած է ծանր ու դժուարին վիճակի մէջ` աշխատելով վթարուած շէնքի մէջ, զրկուած ըլլալով հանդիսատեսի հետ անմիջական շփումներու հնարաւորութենէն: ՀՀ նախագահ Սերժ Սարգսեան Վրաստան կատարած պաշտօնական այցի ծիրէն ներս հանդիպած էր թատրոնի կառավարիչներուն եւ խոստացած աջակցիլ շէնքի վերանորոգման գործին մէջ: Իր աջակցութիւնը յայտնած է նաեւ ՀՀ Սփիւռքի նախարարութիւնը, որ մշտական կապի մէջ է թատրոնի ու վիրահայ մշակութային համայնքին հետ: Թատրոնի հետ ձեւաւորուած համագործակցութեան ծիրէն ներս ծրագրուած է այստեղ հրաւիրել հայաստանեան բեմադրիչներու եւ իրականացնել հայ հեղինակներու ստեղծագործութիւններու բեմադրութիւններ:
Իբրեւ համագործակցութեան առաջին քայլ, Պ. Ադամեանի անուան թատրոնին մէջ ժամանակակից հայ թատերագիր Կարինէ Խոդիկեանի ,,Սիրային քառանկիւնի,, թատերգութիւնը բեմադրած է ՀՀ արուեստի վաստակաւոր գործիչ, Հայաստանի թատերական գործիչներու միութեան նախագահ Յակոբ Ղազանչեան: Այսօր, յուլիս 7-ին, ադամեանցիները այդ բեմադրութեամբ հանդէս պիտի գան մայրաքաղաք Երեւանի պատանի հանդիսատեսի թատրոնի շէնքին մէջ: Մեզի հետ ունեցած զրոյցին Յակոբ Ղազանչեան նշեց, որ հաճոյքով աշխատած է ադամեանցիներուն հետ, հաւատացած անոնց ուժերուն: Ան մասնաւորաբար կարեւոր համարեց այն հանգամանքը, որ այս թատրոնին մէջ ձեւաւորուած են դերասանական հարուստ աւանդոյթներ, որոնց կրողներն են թատրոնի երիտասարդները` հմուտ աւագներու ղեկավարութեամբ:
Թատրոնի գեղարուեստական ղեկավար Արմէն Բայանդուրեանն ալ կարեւոր նկատեց Հայաստան-Վրաստան մշակութային կապերը, հաւաստեց, որ միայն այդ կապերու հզօրացմամբ հնարաւոր պիտի ըլլայ ոչ միայն պահպանել լեզուն ու ազգային ոգին, այլեւ հասնիլ նոր դիւանագիտական յաջողութիւններու, քանզի անչափ կարեւոր են մեր երկու պետութեան համագործակցութիւնն ու բարեկամութիւնը:
Լ.Մ.