Դամասկահայ Բանակի Սպայ Սեւակ Էօլմեսեքեան Կը Զոհուի

Սուրիոյ Իտլիպ նահանգի շրջակայքը Խան Շիխուն շրջանի զօրանոցին մօտ կատարուող զինուորական մարտերուն ընթացքին 25 մայիսին զոհուեցաւ սուրիական բանակի դամասկահայ սպայ (1986-ի ծնունդ) Սեւակ Էօլմեսեքեան: Զոհուելուն լուրը պաշտօնապէս հաստատուեցաւ միայն երէկ:

Ան սուրիական բանակի զինուորական ծառայութիւնը կատարած է ու կը շարունակէր ծառայել իբրեւ պահեստի զինուոր զանազան շրջաններու մէջ:

Էօլմեսեքեանի հոգւոյն համար հոգեհանգստեան պաշտօն պիտի կատարուի Դամասկոսի Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ մէջ` ուրբաթ, 27 յունիսին:

«Ազդակ»

Scroll Up