Միհրան Ջաբուրեան Դարձած Է Ալի Ալիեւի Մրցաշարի Արծաթէ Մետալակիր

Քասպիյսկի մէջ 45-րդ անգամ ընթացաւ աշխարհի 5-ակի ախոյեան, անուանի ըմբիշ Ալի Ալիեւին նուիրուած ազատ ոճի ըմբշամարտի հեղինակաւոր միջազգային մրցաշարը: Վերջինիս մասնակցած 110 ուժեղագոյն ըմբիշներու մէջ էին նաեւ Հայաստանի 8 պատուիրակներ, որոնք ելոյթ ունեցան 57, 65 եւ 74 կգ քաշային կարգերուն մէջ: Մեր ըմբիշներէն առաւել յաջող հանդէս եկաւ 57 կգ քաշային կարգին մէջ ելոյթ ունեցած Միհրան Ջաբուրեանը: Բազմափորձ հայ ըմբիշը հասաւ եզրափակիչ եւ միայն այնտեղ 2:9 հաշուով զիջելով այս մրցաշարի կրկնակի յաղթող ռուսատանցի Արտեոմ Կեբեկովին` արժանացաւ արծաթէ մետալի: Ստուգատեսի լաւագոյն ըմբիշ յայտնի Կեբեկովը ոսկէ մետալէն ու գլխաւոր մրցանակէն բացի պարգեւատրուեցաւ յատուկ մրցանակով ու ստացաւ 300 հազար ռուբլի պարգեւավճար: Արծաթէ մետալի արժանացաւ նաեւ 65 կգ քաշային կարգին մէջ եզրափակիչին ռուսաստանցի Ահմետ Չակաեւին զիջած Տիտալ Ջաֆարեանը (Ուքրանիա):  «Արմէնփրէս»-ին այս մասին կը տեղեկացնեն Հայաստանի ըմբշամարտի հաւաքականէն:

Ռուսաստանցիները նուաճեցին խաղարկուած մետալներու առիւծի բաժինը. 8 ոսկէ մետալներէն 7-ը բաժին հասաւ անոնց եւ միայն մէկը` գերծանր քաշային ատրպէյճանցի Ալի Իսաեւին: Հայաստանի պատուիրակներէն երկուքին` Գառնիկ Մնացականեանը եւ Նարեկ Սիրունեանը համապատասխանաբար 57 եւ 65 կգ քաշային կարգերուն մէջ յաջողեցան  գրաւելու 5-րդ տեղերը:

Յիշեցնենք, որ մայիս 29-31 ազատ եւ յունահռոմէկան ոճերու ըմբշամարտի Հայաստանի հաւաքականներու 6-ական յառաջատար ըմբիշներ` հիմնականին մէջ 1-ին համարները, Իտալիոյ Սասարի քաղաքին մէջ պիտի մասնակցին միջազգային ներկայացուցչական կարեւոր մրցաշարին:

  armenpress.am

Scroll Up