Ճատրակի Մէջ Հզօր Ենք Եւ Ուժեղ

«Խելացի խաղի» ասպարէզին մէջ հայերը կը շարունակեն գրաւել նորանոր բարձրունքներ:
Հայ գրոսմայստերներու յաճախակի յաղթանակներէն ետք ճատրակը իսկապէս մեծ տարածում գտած է Հայաստանի մէջ ու անընդհատ կը շարունակէ զարգացում ապրիլ:
Եւ ահա օրերս Ռուսաստանի Քիրիշի քաղաքին մէջ տեղի կ’ունենար ճատրակի աշխարհի «Պատանի աստղեր» խոշոր վարկանշային մրցաշարը:
Առաջին հայեացքէն ոչ այնքան կարեւոր թուացող այս խոշոր մրցաշարին մէջ առաջին երեք հորիզոնականները «ներկուած են եռագոյնով»: Մեզի քաջածանօթ կարմիր, կապոյտ եւ ծիրանագոյն գոյները պաշտպանող հայ պատանիները իրենց փայլուն ելոյթներով ու վստահ խաղի շնորհիւ կը գտնուին «Պատանի աստղեր»- մրցաշարային աղիւսակի վերին հորիզոնականներուն:
Առաջին հորիզոնականին 5-րդ խաղէն ետք հանգրուանած է Դաւիթ Պառաւեանը, որ, իր հաշուին ունենալով 4.5 միաւոր, միանձնեայ կը կրէ առաջատարի տիտղոսը: Մեր ճատրակի ապագայ հանճարին կը յաջորդէ մեր միւս ներկայացուցիչը. պատանի ճատրակի միջազգային վարպետ Տիգրան Յարութիւնեանը Դաւիթ Պառաւեանին կը զիջէ ընդամէնը 0.5 միաւորով եւ կը գտնուի երկրորդ հորիզոնականին մէջ:
Մրցաշարի լաւագոյն եռեակը կ’եզրափակէ ՖԻԴԵ-ի վարպետ Հայկ Մարտիրոսեան: Պատանի շախմատիստը իր հաշուին ունի 3 միաւոր:
Յարութիւն Ծատրեան,
Գագիկ Սմբատեան
www.erit.am