Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Արեւմտեան Ամերիկայի Կեդրոնական Կոմիտէի Յայտարարութիւնը
Հայաստանէն դուրս մեծագոյն թիւով հայ բնակչութիւն ունեցող Քալիֆորնիա նահանգի խորհրդարանը (Assembly) Հինգշաբթի, 8 Մայիսին, ջախջախիչ մեծամասնութեամբ պատմական քայլ մը առաւ՝ որդեգրելով Արցախի Հանրապետութեան անկախութիւնը ճանչցող բանաձեւ մը:
Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Արեւմտեան Ամերիկայի Կեդրոնական կոմիտէն կ՛ողջունէ այս խիզախ քայլը, որ վկայութիւնն է ամերիկահայութեան տք-նաջան աշխատանքին, ինչպէս նաեւ Քալիֆորնիա նահանգի հանրային պաշտօնատարներուն ցուցաբերած յարգանքին՝ հանդէպ բոլոր ժողովուրդներու, այս պարագային նաեւ՝ Արցախի ժողովուրդի ինքնորոշման իրաւունքին:
Այս քուէարկութիւնը մեծապէս կ՛ամրապնդէ հայ ժողովուրդի ոգին՝ իր արդար տենչանքները հետապնդելու ճանապարհին, ինչպէս նաեւ կը շեշտէ Լեռնային Ղարաբաղի ժողովուրդին շղթայազերծած սեփական ճակատագիրին տէր ըլլալու, ինքնակառավարման ժողովրդավարական համակարգ մը ստեղծելու եւ այդ ճամբով իր գոյութեան սպառնացող վտանգները դիմագրաւելու պայքարին կարեւորութիւնը:
Առաւել գնահատելի կը գտնենք այն իրողութիւնը, որ Քալիֆորնիոյ օրէնսդիր մարմինը ազատութեան եւ ինքնորոշման սկզբունքները ամրապնդող իր այս քաջարի քայլը առաւ՝ ի հեճուկս ատրպէյճանական ուժեղ ճնշումներուն: Գնահատելով Նահանգային օրէնսդիր մարմինին մէջ այս բանաձեւին կողմ քուէարկած իւրաքանչիւր էսամպլիմէնի քայլը՝ կ՛ուզենք առանձին գնահատանք արձանագրել հանդէպ այդ մարմինի անդամներ Մայք Կաթոյի, Ատրին Նազարեանի, Քաչօ Աշաճեանի եւ Խորհրդարանի նախագահ Ճան Փերեզի, որոնք ղեկավարեցին այս դրական արդիւնքը ապահոված ճիգերը՝ հարազատօրէն ներկայացնելով իրենց ընտրատարածքի բնակչութեան շահերը:
Սոյն բանաձեւին որդեգրումը վճռական յաղթանակ մըն է հայ ժողովուրդին, Արցախի բնակչութեան եւ յանուն ինքնորոշման իրաւունքի պայքար տանող բոլոր ժողովուրդներուն համար:
ՀՅԴ ԱՐԵՒՄՏԵԱՆ ԱՄԵՐԻԿԱՅԻ ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ԿՈՄԻՏԷ