Վրաստանի Նախագահը Այցելած Է Էջմիածին Եւ Հանդիպած Բանակային Տարիներու Իր Ընկերոջ

Երկօրեայ պաշտօնական այցով Հայաստան ժամանած Վրաստանի նախագահ Գիորգի Մարգուելիշուիլին այցելած է Էջմիածին եւ հանդիպած բանակային տարիներու իր ընկերոջ` Ռոպերտ Աբրահամեանին: «Արմէնփրէս»-ի փոխանցմամբ, նախագահը facebook-ի պաշտօնական էջին վրայ տեղադրած է հանդիպման լուսանկարները ու գրած է, որ շատ երջանիկ է հին ու հարազատ ընկերոջ կրկին
հանդիպելուն:

Նախագահը գրած է, որ Ռոպերտ Աբրահամեանի հետ պատահական ծանօթացած է փողոցը` Էջմիածինի զօրամասին մէջ ծառայելու ժամանակ, եւ մինչեւ օրս անոնք ընկերական յարաբերութիւններու մէջ են: Վրաստանի նախագահի խօսքով` ան չէր  կրնար չայցելել իր վաղեմի ընկերոջը, որ ժամանակին վեց ամիս իրեն խնամած է սեփական տան մէջ: Իր էջին վրայ նախագահը գրած է, որ հայ-վրացական յարաբերութիւնները պատմական են եւ այդ պատմական յարաբերութիւններու լաւագոյն արտացոլանքը իր ու Ռոպերտի ընկերութիւնն է:

Հանդիպման, Ռոպերտ Աբրահամեան նշած է, որ ընտանիքէն ներս շատ երջանիկ ու հպարտ էին, երբ Մարգուելիշուիլին ընտրուած է նախագահ:

«Երբ կինս ըսաւ, որ Մարգուելիշուիլին եկած է Հայաստան, շատ ուրախացայ: Իսկ երբ մեզ յայտնեցին, որ ան ցանկութիւն  յայտնած է այցելել մեզ, յուզուեցայ:
Մենք անհամբերութեամբ կը սպասէինք այս այցին»,- հանդիպման ըսած է Ռոպերտ Աբրահամեան:

Աբրահամեաններու ընտանիքը կը զբաղի երաժշտութեամբ: Ռոպերտ Աբրահամեանը  քանի մը երաժշտական գործիք կը նուագէ եւ կ’աշխատի Էջմիածինի Մակար Եկմալեանի անուան երաժշտական դպրոցին մէջ:

armenpress.am

Scroll Up