Ֆրանսայի Հայկական Կազմակերպութիւններու Ամենամեայ Ճաշկերոյթին Ներկայ Պիտի Ըլլայ Երկրի Արդարադատութեան Նախարարը

Ֆրանսայի հայկական կազմակերպութիւններու համակարգող խորհուրդը յունուար
29-ին Փարիզի մէջ կը կազմակերպէ իր ամենամեայ ճաշկերոյթը` Ֆրանսայի կառավարութեան
ներկայացուցիչի, հանրապետութեան ընտրուած պաշտօնեաներու եւ այլ բարձրաստիճան
անձերու ներկայութեամբ: Այդ մասին կը գրէ ֆրանս-հայկական «Nouvelles
d’Armռnie» ամսագիրը:

Ամենամեայ ճաշկերոյթի պատուաւոր հիւրերը պիտի ըլլան Ֆրանսայի արդարադատութեան
նախարար Քրիստին Թոպիրան, ֆրանսացի քաղաքական լրագրող, փիլիսոփայ եւ գրող
Պեռնար Անրի Լեւին, աշխարհահռչակ  երգիչ եւ Հայաստանի դեսպան Շառլ
Ազնաւուրը: Ձեռնարկին ընթացքին Ֆրանսայի հայկական
կազմակերպութիւններու համակարգող խորհուրդը պիտի ազդարարէ  «2015թ.`
ցեղասպանութեան հարիւրամեակ» ծրագիրի մեկնարկը: Ճաշկերոյթը տեղի պիտի ունենայ
«Salons Hoche»-ի սրահներէն մէկուն մէջ:

news.am

Scroll Up