Անթիլիասի Մայրավանքին Մէջ Քրիստոնեայ-Իսլամ Խորհրդակցութիւններ

Հինգշաբթի,  9 յունուար 2014-ին, Անթիլիասի մայրավանքին մէջ Արամ Ա. կաթողիկոս յաջորդաբար հանդիպումներ ունեցաւ ընդհանրապէս քրիստոնեայ-իսլամ երկխօսութեան եւ յատկապէս Լիբանանի այժմու կացութեան առնչուած հարցերու գծով.

ՔրիստոնեայԻսլամ Երկխօսութեան Յանձնախումբի
Նախագահին Այցելութիւնը

Շեհապ, Արամ Ա. կաթողիկոս եւ դոկտ. Սալմանեան

Շեհապ, Արամ Ա. կաթողիկոս եւ դոկտ. Սալմանեան

Նախ եւ առաջ վեհափառ հայրապետը ընդունեց Լիբանանի Քրիստոնեայ-իսլամ երկխօսութեան յանձնախումբի նախագահ Հարես Շեհապը: Հանդիպումին ներկայ էր նաեւ նոյն յանձնախումբին մէջ հայ համայնքի ներկայացուցիչ դոկտ. Ժան Սալմանեան: Շեհապ մարոնի համայնքի պատրիարքին կողմէ ղրկուած էր վեհափառ հայրապետին մօտ` խորհրդակցելու համար քրիստոնեայ-իսլամ հոգեւոր պետերու հանդիպում մը կազմակերպելու ծրագիրին շուրջ:

Վեհափառ հայրապետը ողջունեց նման հանդիպման մը կայացումը` շեշտելով, որ հեռու պէտք է պահել զայն քաղաքական հարցերէ, ինչպէս նաեւ միջիսլամական հակասութիւններէ, ընգծելով Լիբանանի ներքին միասնականութիւնը ամրապնդելու հրամայականը` շրջանին մէջ տեղի ունեցող տագնապներուն յարաբերաբար: Հանդիպման ընթացքին նաեւ արծարծուեցան նախագահական ընտրութեան, ինչպէս նաեւ «Ժընեւ-2» ժողովին հետ առնչուած հարցեր:

Սիւննի Եւ Շիի Հոգեւորականներու Համախմբումը
Անթիլիասի Մայրավանքին Մէջ

Սիւննի եւ շիի կրօնաւորներու հետ

Սիւննի եւ շիի կրօնաւորներու հետ

Ապա վեհափառ հայրապետը ընդունեց շիի եւ սիւննի համախմբումին մաս կազմող վեց բարձրաստիճան հոգեւորականներ: Անոնք եկած էին` առաջին, վեհափառ հայրապետին պարզելու ընդհանրապէս շրջանին մէջ տիրող կացութիւնը եւ մասնաւորաբար շիի-սիւննի հակասութիւններու ժխտական անդրադարձը: Երկրորդ, վեհափառին հետ խորհրդակցելու կարգ մը նախաձեռնութիւններու մասին, թէ՛ լիբանանեան եւ թէ՛ միջինարեւելեան մակարդակներու վրայ, հակադիր կողմերու տեսակէտները մօտեցնելու եւ գործակցութիւն յառաջացնելու համար, եւ երրորդ` քրիստոնեայ համայնքներու ներկայութիւնը զօրացնելու շրջանին մէջ:

Յիշեալ հարցերուն գծով վեհափառ հայրապետը իր մտահոգութիւններն ու տեսակէտները պարզեց: Ան շեշտեց քրիստոնեայ համայնքներու ներկայութեան կարեւորութիւնը Միջին Արեւելքի մէջ, եւ այս ուղղութեամբ իսլամ կրօնական ու քաղաքական կառոյցներու զօրակցութեան անհրաժեշտութիւնը: Վեհափառը նաեւ շեշտեց երկխօսութեան կենսական կարեւորութիւնը` ըսելով, որ հարցերը կարելի չէ զէնքի ուժով լուծել, այլ միայն` երկխօսութեան ճամբով:

Նախկին Երեսփոխան Մըսպահ Ահտապ
Այցելեց Վեհափառ Հայրապետին

IMG_0181

Ահտապ եւ վեհափառ հայրապետը

Այցելուներու կարգին էր նաեւ նախկին երեսփոխան եւ Թրիփոլիի սիւննի ղեկավարներէն Մըսպահ Ահտապ: Ան վեհափառ հայրապետին պարզեց հիւսիսային Լիբանանի մէջ տիրող քաղաքական ու ապահովական կացութիւնը: Իր մտահոգութիւնը յայտնեց Միջին Արեւելքի մէջ տիրող կացութեան ունեցած ժխտական հետեւանքներուն գծով` Լիբանանի ներքին կացութեան վրայ, ապա շեշտեց նոր կառավարութեան կազմութեան ու նախագահական ընտրութեան հրամայականը:

Վեհափառ հայրապետը իր կարգին ընդգծեց հանրապետութեան նախագահի ընտրութիւնը ճշդուած ժամանակին կատարելու եւ սահմանադրական սկզբունքները յարգելու յոյժ կարեւորութիւնը: Վեհափառը նաեւ յիշեցուց, որ ինչպէս Ս. Ծննդեան իր քարոզին մէջ շեշտած էր, Լիբանանի ունեցած բարեկամութիւնները արտաքին ուժերուն հետ պէտք չէ վերածուին ենթակայութեան: Լիբանան իր ինքնորոշման անկախութիւնը պէտք է պահէ ու Լիբանանի գերագոյն շահերը գերիվեր նկատէ համայնքային կամ շրջանային շահերէ ու հաշիւներէ:

http://www.aztagdaily.com

Scroll Up