Արմէն Սարգսեան Ընդունած Է «Վերադարձ Հայաստան» Հիմնադրամի Համահիմնադիրները
![](https://old.hayernaysor.am/wp-content/uploads/2019/05/38421-e1557150279834.jpg)
Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան այսօր ընդունած է «Վերադարձ Հայաստան» հիմնադրամի համահիմնադիրներ, տնօրէն Վարդան Մարաշլեանը եւ հոգաբարձուներու խորհուրդի նախագահ Րաֆֆի Քասարջեանը:
Ինչպէս «Հայերն այսօր»-ին կը յայտնեն ՀՀ նախագահի մամլոյ ծառայութենէն, հիւրերը նախագահ Սարգսեանին ներկայացուցած են հիմնադրամի գործունէութիւնը, իրականացուող ծրագիրներն ու յառաջիկայ ընելիքները: Անոնք ընդգծած են, որ հիմնադրամի գործունէութեան կարեւորագոյն ուղղութիւնը հայրենադարձութիւնն է եւ Հայաստանի հետ Սփիւռքի մեր հայրենակիցներու կապի սերտացումը:
Հանրապետութեան նախագահը պատրաստակամութիւն յայտնած է աջակցելու հիմնադրամի գործունէութեան` նշելով, որ այն կարեւոր գործ կ՛իրականացէ արտերկիր բնակող մեր հայրենակիցներուն Հայաստան հաստատուելու եւ մայր հայրենիքի հետ կապելու տեսանկիւնէն:
Զրուցակիցներն անդրադարձած են նաեւ համատեղ ծրագիրներ իրականացնելու հնարաւորութիւններուն: