«Թեւանիկ»-ը Համակարգիչներ Կը Նուիրէ Արցախի Դպրոցներուն

Պարսկահայերու «Թեւանիկ» բարեգործական կազմակերպութեան ներկայացուցիչները Ապրիլի սկզբները դարձեալ Արցախ ժամանեցին՝ բարեգործական ծրագիրներ իրականացնելու առաքելութեամբ: Բարեգործական կազմակերպութեան ներկայացուցիչները Արցախի շարք մը գիւղերու դպրոցներու համար բերած էին համակարգիչներ եւ մարզանքի պարագաներ: Այս մասին կը հաղորդէ “Ապարաժ”-ը։
Արցախի կրթութեան, գիտութեան եւ մարմնակրթութեան նախարարութեան հետ համագործակցաբար՝ 2 Ապրիլին կազմակերպութեան անդամները այցելեցին Մարտունիի Ննգի, Կաղարծի, Հաղորտի, Վարանդա եւ Մուշկապատ գիւղերը՝ նշեալ դպրոցներուն համար նախատեսուած համակարգիչներով եւ մարզանքի պարագաներով: Այցելութիւնը նպատակ ունէր նաեւ աւելի մօտէն ծանօթանալ Արցախի դպրոցներու հարցերուն:
«Թեւանիկ» բարեգործական կազմակերպութեան պատասխանատու Իւետ Դանիէլեան ներկայացուց կազմակերպութեան ստեղծման նպատակը: Կազմակերպութեան բոլոր աշխատանքները կը համադրուին ՀՅԴ Արցախի կառոյցին եւ ՀՕՄի Արցախի միաւորին հետ:
Կը նախատեսուի Արցախի դպրոցներու եւ այլ ուսումնական հաստատութիւններու 100 համակարգիչներ նուիրել: