Համահայկական 7-րդ Խաղերը Տեղի Պիտի Ունենան 5-էն 17 Օգոստոս

Փոխվարչապետ Տիգրան Աւինեանի գլխաւորութեամբ՝  Մարտ 19-ին տեղի ունեցաւ Համահայկական եօթերորդ խաղերը կազմակերպող կոմիտէի նիստը: Նիստին ընթացքին քննարկուեցան խաղերու կազմակերպման վերաբերող զանազան հարցեր, կը հաղորդէ “Արմենփրես”:

Համահայկական եօթներորդ խաղերը տեղի պիտի ունենան 5-էն 17 Օգոստոս: Բացման հանդիսաւոր արարողութիւնը տեղի պիտի ունենայ Արցախի մայրաքաղաք Ստեփանակերտի մէջ:

Այս տարի կը լրանայ խաղերուն կազմակերպման քսանամեակը եւ կ՛ակնկալուի մարզիկներու աննախադէպ մասնակցութիւն, որուն մասին կը վկայէ նախնական դիմումներու մեծ թիւը:  Նշենք, որ ծրագիրին մէջ ընդգրկուած են 17 մարզաձեւեր:

Scroll Up