Սփիւռքահայ Արուեստագէտներու Աշխատանքներու Ցուցադրութիւն Երեւանի ՄԷջ

«Հայերն այսօր»-ի տեղեկացմամբ, մարտ 15-ին Երեւանի մէջ` Ալպերթ եւ Թովէ Պոյաճեան պատկերասրահին մէջ տեղի պիտի ունենայ լիբանանահայ ֆրանսաբնակ յայտնի գեղանկարիչ Տիգրան Տատէրեանի եւ հայրենադարձ քանդակագործ Գէորգ Ճորճ Գասսապեանի աշխատանքներու ցուցադրութիւնը:
Յայտնի գեղանկարիչ Տիգրան Տադէրեան ծնած է Պէյրութ 1929 -ին: Մանկութեան տարիներն անցուցած է Զահլէի մէջ: Յաճախած է Կիպրոսի Մելքոնեան վարժարանը, այնուհետեւ` Փարիզի արուեստներու ազգային դպրոցը, Կոետսի ակադեմիոյ եւ Կրան Շոմիեր ակադեմիոյ մէջ: 1957 -էն սկսած հանդէս եկած է շարք մը անհատական եւ այլ նկարիչներու հետ համատեղ ցուցադրութիւններով Հայաստանի, Լիբանանի եւ Ֆրանսայի մէջ: Դասաւանդած է Կոետսի ակադեմիոյ մէջ, որ 1983-ին վերանուանուած է Կոետս-Տատէրեան ակադեմիա (Acadռmie Goetz-Daderian):
Գէորգ-Ճորճ Գասապեան ծնած է Հալէպ: 1963 թուականին աւարտած է Հալէպի ՀԲԸՄ Լազար Նաջարեանի եւ Գալուստ Կիւլպէնկեանի անուան աւագ դպրոցը, 1967 թուականին` Բրիտանական Ուսուցողական ինստիտուտի Ճարտարագիտութիւն բաժինը, 1969 թուականին` Թորոնթոյի համալսարանի Համակարգչային ծրագրաւորում բաժինը, 1973 թուականին` Արեւմտեան Օնթարիօ համալսարանի գեղարուեստի բաժինը: 1977-1981 թթ. եղած է Tempo and screen printing center-ի, 1981-1999 թթ.` Manufacturing polyurethane injection machinery-ի, 1999-1903 թթ.` Canadian Polyurethane & Solar research center–ի սեփականատէր եւ գործադիր տնօրէն: 1975 թուականէն Գանատայի քանդակագործներու հասարակութեան անդամ: