Սուրիոյ Մէջ Մարդասիրական Առաքելութիւն Իրականացնող Մասնագէտներու Խումբի Կեդրոնակայանին մէջ Տեղի Ունեցած է ՀՀ Դրօշի Օծման Արարողութիւնը

Հալէպի մէջ Մարտ 2-ին տեղի ունեցած է մարդասիրական առաքելութեամբ Սուրիա ժամանած ՀՀ մասնագէտներու խումբի կեդրոնակայանին մէջ տեղադրուած Հայաստանի դրօշի օծման արարողութիւնը, որուն մասնակցած է Սուրիոյ մէջ ՀՀ դեսպան Տիգրան Գէորգեանը: Արարողութեան ներկայ եղած են Հալէպի մէջ ՀՀ գլխաւոր հիւպատոս Արմէն Սարգսեան, Սուրիոյ խորհրդարանի երեսփոխան Ժիրայր Ռէիսեան, հալէպահայ համայնքի հոգեւոր եւ աշխարհիկ առաջնորդներ, կը հաղորդէ ՀՀ արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ ծառայութիւնը։

ՀՀ մարդասիրական առաքելութեան անունէն արարողութեան բացման խօսքով հանդէս եկաւ մարդասիրական առաքելութեան մասնագէտներու խումբի անդամ Արկադի Տօնոյեանը: Ան ընդգծեց, որ հայ ժողովուրդի բացառիկ արժէքներէն է խաղաղասիրութիւնը եւ այսօր Հայաստանի մարդասիրական առաքելութեան ներկայութիւնը Սուրիոյ մէջ ատոր վառ ապացոյցն է:

Իր հերթին Սուրիոյ մէջ ՀՀ դեսպան Տիգրան Գէորգեան ողջունեց ՀՀ մարդասիրական արաքելութեան մասնակիցները Սուրիոյ Արաբական Հանրապետութիւն գտնուելու առիթով` վստահութիւն յայտնելով, որ մասնագէտները պատուով եւ փառքով պիտի կատարեն իրենց վրայ դրուած վեհ պարտականութիւնը, այն է` աջակցիլ Սուրիոյ բարեկամ ժողովուրդին վերագտնելու խաղաղութիւնը, ժողովուրդի մը, որ աւելի քան հարիւր տարի առաջ իր դռներն ու սրտերը բացաւ Օսմանեան կայսրութեան կողմէ իրականացուած Ցեղասպանութենէն մազապուրծ եղած տարագիր հայերուն առջեւ: ՀՀ դեսպանը մասնագէտներու խումբին մաղթեց խաղաղ առաքելութիւն եւ ամենայն յաջողութիւն:

Այնուհետեւ Բերիոյ Հայոց թեմի առաջնորդ Շահան արքեպիսկոպոս Սարգսեան կատարեց Հայաստանի Հանրապետութեան պետական դրօշի օծման ծիսակարգը:

Scroll Up