Երուսաղէմի Մէջ Կայացած Է «Հայերն Երուսաղէմի Մէջ» Փառատօնի Բացման Արարողութիւնը

Երուսաղէմի «Բնութեան թանգարանին մէջ» մարտ 4-ին տեղի ունեցած է «Հայերն Երուսաղէմի մէջ» փառատօնի բացման արարողութիւնը, որուն ընթացքին բարի գալուստի խօսքով հանդէս եկած են թանգարանի տնօրէն Եւգենի Ռազնիչքին, Երուսաղէմի նախկին փոխքաղաքապետ Փեփէ Ալալուն, Եոաւ Լեփը եւ Նաամա Ռինգերը: Այս մասին «Հայերն այսօր»-ը կը տեղեկանայ Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարքարանի դիւանապետ Տ. Կորիւն Վրդ. Բաղդասարեանի ֆէյսպուքեան էջէն:
Արարողութեան ընթացքին ելոյթ ունեցած են նաեւ պաշտօնական այցով Երուսաղէմ գտնուող ՀՀ ԱԳՆ փոխնախարար Գրիգոր Յովհաննիսեան, Տ. Կորիւն Վրդ. Բաղդասարեան եւ Երուսաղէմի փոխքաղաքապետ Հասան-Նախումը, որոնք իրենց խօսքին մէջ շնորհակալութիւն յայտնած են փառատօնի կազմակերպիչներուն եւ թանգարանի տնօրէնութեան` յոյս յայտնելով, որ այն ամէնամեայ բնոյթ կը կրէ:
Բացման արարողութեան յաջորդած է Սուրբ Երկրին մէջ հայկական լուսանկարչութեան եւ խեցեգործութեան արուեստին նուիրուած ցուցահանդէսի բացումը, որմէ ետք տեղի ունեցած է «Դիլիջան» խումբի ելոյթը:
Փառատօնի ընթացքին տեղի պիտի ունենան համերգներ, համաժողովներ, տօնավաճառ, շրջագայութիւններ եւ դասախօսութիւններ հայ մշակոյթի, պատմութեան, լեզուի եւ հայ Երուսաղէմի վերաբերեալ:
Աւելցնենք, որ «Հայերն Երուսաղէմի մէջ» խորագիրը կրող փառատօնն արդէն երկրորդ անգամ կը կազմակերպուի` համագործակցութեամբ Երուսաղէմի «Բնութեան թանգարանի», Երուսաղէմի քաղաքապետարանի եւ Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարքարանի:
Բացման արարողութեան ներկայ էին նաեւ Իսրայէլի մէջ ՀՀ դեսպան Արմէն Սմբատեան եւ Իսրայէլի մէջ ՀՀ պատուոյ հիւպատոս Ցոլակ Մոմճեան: