Սերնդափոխութեան Կարեւորութիւնը 100-ամեայ ՍՕԽ-ի Շարքերէն Ներս

ՍՕԽ-ի 100-ամեակին նուիրուած ձեռնարկներու շարքին, Շրջ. Դաստիարակչական Յանձնախումբը Ուրբաթ, 8 Փետրուար 2019-ի յետմիջօրէին կազմակերպեց «Սերնդափոխութեան Հոլովոյթը Միութենական Կեանքին Մէջ» նիւթով բազմաձայն զրոյց մը, որ տեղի ունեցաւ ԱՄԺ Տան «Լ. Շանթ» սրահէն ներս։ Այս մասին կը հաղորդէ «Գանձասար»-ը։
Շողիկ Կիրակոսեանի բացման խօսքէն ետք բեմ հրաւիրուեցան օրուան զրուցավար՝ Բալիկ Աւագեան եւ երեք սերունդներու խաչուհիներ՝ Հիլտա Չաղլասեան, Անժէլ Պօշկեզէնեան եւ Մարի Զարիկեան(երէց սերունդ), Սիլվա Նազարեան, Մարալ Տունկեան եւ Զեփիւռ Գէորգեան (միջին սերունդ), Ալին Փուշմանեան, Մարիա Արոյեան եւ Սարին Հայրապետեան (նոր սերունդ)։
Բալիկ Աւագեան հարցադրումներու ճամբով հմտօրէն վարեց զրոյցը, առանձնացնելով միութենական կեանքը արժեւորող կարեւոր յատկանիշեր, ինչպէս՝ ծառայասիրութիւն, նուիրում, կարգապահութիւն, յարգանք եւ հաւաքական աշխատանքի ոգի։ Ապա ան սերունդներու ներկայացուցիչներուն փորձառութիւնը նկատի առնելով, անոնց միջեւ բաղդատական եզրեր գծեց, նկատի առնելով, որ իւրաքանչիւրը իր ժամանակին դրոշմը կը կրէ՝ գործելով անոր յատուկ մթնոլորտի մը մէջ։
Մասնակիցները իրենց անկեղծ արտայայտութիւններով մատնանշեցին յատկապէ՛ս միութենէն ներս տարբեր սերունդներու ներկայացուցիչներուն միատեղ գործելու կարեւորութիւնը, ուր անպայման կ’երեւին երէց սերունդի հմտութիւնն ու հեղինակութիւնը, միջին սերունդին իւրացուցած յաջող գործելաոճը, եւ նոր սերունդին նորարար ձգտումները։ Հանդուրժողականութեան կամքի դրսեւորումով երէցը պիտի ուղղէ իր յետնորդները առողջ ցուցմունքներով, մինչ նորերը յարգալիր վերաբերմունքով պիտի ընկալեն անոնց փորձառութիւնը, համաշխարհային փոփոխութիւններու առընթեր նոր աւիւն ներարկելով միութենական կեանքին։
Զրուցակիցները յանգեցան այն եզրակացութեան, որ զիրար լսելը եւ երեք սերունդներու միատեղ զրոյցը ինքնին դրական քայլ մըն է գործակցութեան ու յառաջդիմութեան ուղղութեամբ։ Անոնք դար մը մարդասիրական աշխատանքի փառապանծ ճամբայ կտրած Օգնութեան Խաչի անդամուհիներուն համար նիւթը այժմէական համարեցին, հաւատալով որ խիտ շարքերով տակաւ պիտի գան երիտասարդ խաչուհիներ, որոնք իրարայաջորդ սերունդներու շարունակականութիւնը պիտի ապահովեն ազգանուէր, անսակարկ եւ որակեալ աշխատանքով, տեւաբար աշխոյժ եւ երիտասարդ պահելով 100-ամեայ ՍՕ Խաչը։
Աւարտին զրուցավարը ներկաները մասնակից դարձուց խաղի մը, ուր անոնք կազմեցին միութենական աշխատանքի իրենց հետեւողութեան պատկերը։
Հուսկ, յանձնախումբի ատենապետ Զեփիւռ Մուղալեան շնորհակալութիւն յայտնեց զրուցավարին ու մասնակիցներուն, իսկ Շրջ. Վարչութեան ատենապետ Հռիփ Կանանեան կոչ ուղղեց նոր սերունդին տէր կանգնելու իր առաքելութեան, ստանձնելով անշէջ պահելու երէցներէն փոխանցուած ջահը։