Հայաստանէն Ժամանած Մասնագէտները Հալէպ Հասան

Հայաստանի Հանրապետութեան Հալէպի Գլխաւոր Հիւպատոս Արմէն Սարգսեան դիմաւորեց Հայաստանէն ժամանած բժիշկներու եւ ականազերծողներու մարդասիրական առաքելութեան մասնագէտներուն խումբը։ Այս մասին կը հաղորդէ «Գանձասար»-ը։

Յիշեցնենք, որ Փետրուար 8-ին, ականազերծողներէ, բժիշկներէ և անոնց անմիջական անվտանգութիւնը ապահովող հայ մասնագէտներէ բաղկացած 83 հոգինոց խումբը ժամանած էր Սուրիա:

Խումբը, Հալէպի զինուորական գործողութիւններէ զերծ շրջաններուն մէջ, բժշկական ծառայութիւն պիտի մատուցէ տեղւոյն բնակչութեան, միեւնոյն ատեն բնակիչները իրազեկ պիտի դարձնէ ականներէ զերծ մնալու միջոցներուն։

Սուրիոյ մէջ հայ մասնագէտներու տեղաւորման, անոնց կարգավիճակի, գործառոյթներու և անվտանգութեան առնչուող հարցերը կարգաւորուած են Հայաստանի Հանրապետութեան օրէնսդրութեան համաձայն:

Scroll Up