Հայրենիքի Պաշտպանը Ո՛չ Միայն Զինուորն Է Բանակին ՄԷջ, Այլ Նաեւ Ուսուցիչը՝ Թիկունքին

Յաղթանակած, հերոսացած

Հայոց երկրի հզօ՛ր բանակ,

Քո մարտական ջահը վառած

Պահի՛ր որպէս փառքի պսակ:

Հայոց բանակը, այո, մեր փառքն է, մեր անկախութեան երաշխիքը , մեր ապահովութեան մեծ գրաւականը: Ան  բարդ ու ծանր պատերազմական իրավիճակներու մէջ հազարաւոր երիտասարդներու թափած արեան գնով եւ բազում յաղթանակներով  ապացուցեց, որ մեր երկիրն ամուր եւ յուսալի ձեռքերու մէջ  է:

« Շնորհաւո՛ր տօնդ, Հայո՛ց բանակ» խորագիրով բաց դաս է ՌԴ  Տիւմէն քաղաքի Մ. Մաշտոցի անուան մշակոյթի կեդրոնի պատմութեան դասարանին մէջ` ուսուցչուհի Մանուշակի ղեկավարութեամբ:

Աշակերտները  համառօտ նշեցին Հայոց բանակի ստեղծման անհրաժեշտութեան, անցած հերոսական ուղիին մասին: Այնուհետեւ սկսան երգել ու ասմունքել: Ուսուցչուհի Մանուշակը հմտօրէն  ընտրած էր Հայոց բանակին, հայ զինուորին նուիրուած երգերն ու բանաստեղծութիւնները: Ներկայացուած էին Հայոց բանակի, հայ զինուորներու անցած ողջ ճանապարհը: Այն զինուորներուն, որոնք գերադասեցին ո՛չ թէ զէնքէն, այլ զէնքով մեռնիլ, ո՛չ թէ փափուկ անկողնի մէջ դիմաւորել լուսաբացը, այլ ցուրտ խրամատներու մէջ` հսկելով ոսոխի իւրաքանչիւր շարժը:

Երեխաներն ոգեւորուած, ձեռքներն ամուր բռունցք ըրած` ապրեցան իւրաքանչիւր նկարագրուած դրուագ: Ցասկոտ  ու տխուր էին անոնց թաց աչքերը, երբ զինուորական երթի, ռմբակոծութիւններու, վիրաւորներու տնքոցներու` իրար խառնուած  ձայներու մէջ անգամ կը լսուի զինուորի մօր աղօթքի մրմունջն առ աստուած`  «Փրկի՛ր մինուճարիս…»

Իսկ երբ կը խօսուէր մեր պանծալի յաղթանակներու, հայոց` օրէ օր հզօրացող բանակի անպարտելիութեան մասին, քիչ-քիչ կը փոխուէին անոնց դէմքերու արտայայտութիւնները:  Անոնցմէ յոյս ու խնդութիւն կը սկսէր ճառագել:

Կը նայիս այս երիտասարդներու հրավառ դէմքերուն ու անհուն հպարտութեամբ կը լեցուիս, վստահութեամբ. մեր վաղը յուսալի ձեռքերու մէջ  է, իսկ այսօրուան ճիշդ դաստիարակուած աշակերտը վաղուան հերոս զինուորն  է:

Այսօրուան դասն ապացուցեց, որ հայրենիքի պաշտպանը ո՛չ միայն զինուորն է բանակին մէջ, այլ  նաեւ ուսուցիչը՛` թիկունքին: Ուսուցիչ, որ հայրենասիրութիւն, հայրենիի հանդէպ սրբազան պարտքի զգացում կը սերմանէ մատաղ սերունդի սրտերուն մէջ:

Խոնարհիլ    պէտք է այսպիսի ուսուցիչներու` կոչումը բարձր պահելու, մատաղ սրտերուն հերոսական ոգի սերմանելու համար: Հաւատացած ենք, որ այսօրուան աշակերտական սեղանին նստածներն իրենց հսկայական բանակով կ’ապահովեն  խաղաղութիւնը մեր երկրէն ներս: Եւ որ. «Գետը գետութիւն կ’անի, գեղջուկը կը բանի, կը տնկի ու կը ցանի, գետն էլ իր ջրով` մէկը տաս կ’անի:

Մարգարիտ Առաքէլեան

Մշակոյթի կեդրոնի հայոց լեզուի եւ գրականութեան ուսուցչուհի

 

 

 

Scroll Up