Հայ Մամուլի Տարուան Յիշատակումը Նաեւ «Գանձասար Բացառիկ-2019»-ի Շնորհանդէսով

Պատերազմի հետեւանքով հինգ տարիներու ընդհատումէն ետք, երկրորդ տարին ըլլալով լոյս կը տեսնէ «Գանձասար Բացառիկ»ը:

Հովանաւորութեամբ Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տէր Շահան Սրբ. Արք. Սարգիսեանի, կազմակերպութեամբ «Գանձասար»ի Վարչութեան եւ խմբագրակազմին, Ուրբաթ, 1 Փետրուար 2019-ի յետմիջօրէի ժամը 6:00-ին, ԱՄԺՏ «Լ.Շանթ» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ «Գանձասար Բացառիկ-2019»ի շնորհանդէսը: Հանդիսութեան ներկայ էին Հայաստանի Հանրապետութեան Հալէպի գլխաւոր Հիւպատոսի 2-րդ քարտուղարը, Պատկան Մարմինի ներկայացուցիչները, քահանայ հայրեր, գրողներ, «Գանձասար»ի աշխատակիցներն ու ընթերցասէրները:

Օրուան բեմավար Ղազար Ղազարեան բացման իր խօսքով նախ շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր այն գրողներուն, որոնց գրական- գեղարուեստական, հրապարակագրական եւ վաւերագրական նիւթերը հարստացուցին «Գանձասար Բացառիկ-2019»ի բովանդակութիւնը:

Ան անդրադառնալով «Գանձասար» պաշտօնաթերթի 25-ամեակին ըսաւ. «Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան պաշտօնաթերթ «Արեւելք» օրաթերթի դադրեցումէն երեսուն տարի վերջ կրկին լոյս աշխարհ եկաւ հայերէն թերթ մը, որ 25 տարի շարունակեց իր անխափան երթը հակառակ պատերազմի վերջին ութը տարիներու բազում դժուարութիւններուն եւ դարձաւ վաւերական աղբիւր, յատկապէս պատերազմի տարիներու լրատուական թոհուբոհին մէջ»: Ղազարեան այնուհետեւ կոչ ուղղեց առաւել հետաքրքրութեան արժանացնելու մամուլը, նոր սերունդը մղելով թերթ կարդալու, թերթին աշխատակցելու ու միասնաբար «Գանձասար»ի 25-ամեակն ու «Հայ Մամուլի Տարի»ն դարձնելու աշխատանքի տարի:

Այնուհետեւ երեկոն ջերմացուցին Համազգայինի «Բարսեղ Կանաչեան» երաժշտանոցի ուսուցիչները: Արամ Խաչատուրեան առինքնող կատարումով մեներգեց «Երազ Իմ Երկիր»ը, դաշնամուրի ընկերակցութեամբ Ռուզան Պարսումեանի:

«Գանձասար Բացառիկ 2019»ը ներկայացուց կրթական մշակ, «Գանձասար» պաշտօնաթերթի սրբագրիչ՝ տիկ. Զեփիւռ Պապիկեան-Աւագեան: Ան նախ դիտել տուաւ, որ ՆՍՕՏՏ Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետի 2019 տարին «Հայ Մամուլի Տարի» հռչակումը կը զուգադիպի «Գանձասար»ի 25-ամեակին:

«Գանձասար Բացառիկ 2019»ի բովանդակութեան անդրադառնալով Աւագեան յայտնեց. «Բացառիկի բովանդակութիւնը այլազան ու ճոխ ըլլալու կողքին իրողապէս 25 եւ աւելի տարիներու յետադարձ ակնարկ մըն է յուշերու, խոհերու եւ նախկին խմբագիրներու հետ մտերմիկ զրոյցով մը համեմուած՝ յիշելու եւ յիշեցնելու սուրիահայ մամուլի դերն ու ոդիսականը ու վերջապէս ծննդոցը»: Ապա համառօտ կերպով անդրադարձաւ բովանդակութեան, ներկայացնելով նաեւ բացառիկին կցուած «Կկու» մանկապատանեկան գունազարդ եւ բովանդակալից գրքոյկը (խմբագիր՝ Ռիթա Կաղեան-Տիքպիքեան, նկարազարդող՝ Ռաֆֆի Քէշիշեան), որ որպէս մանկապատանեկան հրատարակութիւն ողջունելի ներկայութիւն մըն է:

Պապիկեան իր խօսքը եզրափակեց ընթերցելով Սարգիս Մահսերէճեանի գրութեան հետեւեալ պարբերութիւնը՝ «225 տարի առաջ Շմաւուն քահանայի սկզբնաւորած «Ազդարար»էն ասդին, մեր թերթերը ալիք-ալիք ովկիանոսացած են, իւրաքանչիւր նոր անդամ իր աղբիւրին զուլալ ջուրերը շուտով վերածած է առուակի, գետի ու զայն հոսեցուցած ընդհանուրի ովկիանոսին, միախառնուած է անոր հետ, սակայն ի տարբերութիւն ջուրերու միախառնումին իւրաքանչիւր թերթ պահած է իր համն ու հոտը, առանձնայատկութիւնն ու ինքնատիպ առաքելութիւնը, հետեւաբար այս ընդհանուր ովկիանոսին մէջ դիտելով երիտասարդ «Գանձասար»ի կեանքը՝ 25 տարիներուն կեանքը կը ստանայ տարբեր խորք ու տարածք»:

«Գանձասար Բացառիկ 2019»ին մէջ լոյս տեսած Արա Մխսեանի «Կարմիր Պղպեղ Ծեծող Կինը», Իշխան Չիֆթճեանի «Զապէլ Եսայեանի Հետ Խանութէ Խանութ», Քրիստ Խրոյեանի «Մարդկային Քերականութիւն», Յարութ Էօրտէկեանի «Սուրիական Միամեայ Համայնապատկեր», Լալա Միսկարեան-Մինասեանի «Յիշեցի՞ր» գրութիւններէն եւ Հուրի Ազէզեանի «Արձաններ Վաճառողը» թարգմանութենէն պարբերութիւններ ընթերցեցին «Գանձասար»ի աշխատակիցներ՝ Յուշիկ Ղազարեան, Լուսին Ապաճեան-ՉիլԱբոշեան եւ Յարութ Էօրտէկեան:

Այնուհետեւ խօսք առաւ «Գանձասար»ի խմբագիր Զարմիկ Չիլաբօշեան- Պօղիկեան, որ նախ շնորհակալութիւն յայտնեց «Գանձասար»ի աշխատակիցներուն եւ մանաւանդ «Գանձասար Բացառիկ-2019»ի սուրիահայ, սփիւռքահայ եւ հայրենի գրողներուն, որոնց արեւմտահայերէն թէ արեւելահայերէն յօդուածներուն մէկտեղումը մտքերու փոխանակման նպաստեց՝ գրական-գեղարուեստական իւրայատուկ ճաշակ մը հրամցնելով ընթերցողին:

Անդրադառնալով 2019-ը «Հայ Մամուլի Տարի» հռչակումին ու «Գանձասար»ի 25-ամեակին, ան ներկաներուն ուշադրութեան յանձնեց լրագրական եւ հրապարակագրական մարդուժ պատրաստելու մարզին մէջ մեր բացթողումները, որոնց յաղթահարումով կարելի է ունենալ անկաշկանդ արտայայտուող ապագայ լրագրողներ, հրապարակագիրներ, դիտել տալով որ թէեւ մեր գաղութը նօսրացած է, սակայն արտադրելու ուժ եւ կամք ունի:

Ան շնորհակալութիւն յայտնեց Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդին, թերթի վարչութեան եւ Պատկան Մարմինին՝ իրենց անվերապահ աջակցութեան համար ու ըսաւ. «Եկէք միասնաբար աշխատանքի լծուինք, մեր կարելիութիւններուն առաւելագոյնը ի գործ դնենք, որպէսզի այս տարին գործնական, արդիւնաւէտ տարի մը դարձնենք եւ թերթը բարելաւելով ու հարստացնելով մեծաթիւ ընթերցողներու հասցնենք»:

Բերիոյ Թեմի Առաջնորդին անունով խօսք առաւ Տէր Արշակ Քհնյ. Ալաճաճեան: Ան «Գանձասար Բացառիկ 2019»ի հրատարակութեան առիթով Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տէր Շահան Սրբ. Արք. Սարգիսեանի բարեմաղթութիւններն ու շնորհաւորութիւնները յղեց բոլոր ներկաներուն, յատկապէս «Գանձասար»ի խմբագրակազմին, որ հակառակ տիրող պատերազմական պայմաններուն շարունակեց շաբաթական հերթականութեամբ տպագիր եւ առցանց թերթը հասցնել բոլորիս: Ապա շնորհակալութիւն յայտնեց «Գանձասար»ի աշխատակիցներուն եւ բոլոր անհատներուն, որոնք տքնաջան աշխատանքով բարոյական թէ նիւթական իրենց նպաստը կը բերեն թերթին:

Այս առիթով «Գանձասար»ին շնորհաւորագրեր առաքած էին՝ ՀԲԸՄ-ի Սուրիոյ Շրջանակային Յանձնաժողովը, Համազգայինի Սուրիոյ Շրջ. Վարչութիւնը, Համազգայինի Հայագիտական Հիմնարկի Վարչութիւնը, ՀԵԸ-ի Գործադիր Մարմինը, ՍՕԽ-ի Շրջ. Վարչութիւնը, Կրթասիրաց Ս.Չ. Երկրդ. վարժարանի տնօրէնութիւնը, ՀՄԸՄ-ի Սուրիոյ Շրջ. Վարչութիւնը, Համազգայինի «Բ.Կանաչեան» Երաժշտական Դպրոցի Վարչութիւնը եւ Համազգայինի «Ն.Աղբալեան» Մսնճ.ի Վարչութիւնը:

Սեւանայ Հալլաճեան

«Գանձասար» (Հալէպ)

Scroll Up