«Վիքիփետիա»-ի Մէջ Մօտ 2 Շաբաթէն Կը Ստեղծուի Արեւմտահայերէն Առանձին Տիրոյթ

«Վիքիփետիա»-ի ազատ բովանդակութեամբ, բազմալեզու հանրագիտարանին մէջ մօտ 2 շաբաթէն կը ստեղծուի արեւմտահայերէն առանձին տիրոյթ: Այս մասին լրագրողներուն հետ զրոյցին ըսած է «Վիքիմետիա Հայաստան» ՀԿ-ի նախագահ Սուսաննա Մկրտչեան:

«Վիքիփետիա»-ի հայկական տիրոյթին մէջ արեւմտահայերէնով նիւթեր գրուած են դեռ 2014 թուականէն: Ցաւօք, արեւմտահայերէնը ISO գաղտնաբառ չունէր, եւ այն որպէս առանձին լեզու հաստատելու համար  բաւականին ժամանակ ծախսուեցաւ: «Կիւլպէնկեան» հիմնադրամին հետ համագործակցութեան արդիւնքով ISO գաղտնաբառ ունեցանք»,- նշեց Մկրտչեան:

Անոր խօսքով` Լեզուի կոմիտէի որոշում կայ, որ «Վիքիփետիա»-ի մէջ արեւմտահայերէնը արեւելահայերէնէն պէտք է առանձնացուի:

«Մնացած են տեխնիկական հարցեր: Կը կարծեմ, մօտ երկու շաբթուան ընթացքին կը լուծուին այդ հարցերը»,- շեշտեց «Վիքիմետիա Հայաստան» ՀԿ-ի նախագահը:

 

 

Scroll Up