Սիտնիի ՄԷջ Հայկական Խաչքար Տեղադրուած Է

Հայկական խաչքար  տեղադրուած է Սիտնիի Սուրբ Մարիամ Աստուածածին եկեղեցւոյ մօտ:

Արարողութեան ներկայ եղած են Սիտնիի արքեպիսկոպոս  Էնթօնի Ֆիշերը եւ Նոր Հարաւային Ուելս նահանգի վարչապետ Կլէտիս Պերեճիքլեանը: Այս մասին կը գրէ NEWS.am-ը:

 Խաչքարն Աւստրալիոյ հայ համայնքի անունով նուիրած էին Ստեփան եւ Հիլտա Գրքաշարեանները: Այս նախաձեռնութեամբ անոնք շնորհակալութիւն կը յայտնեն Սիտնիի Կաթոլիկ եկեղեցւոյ` 2015 թուականին Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցի յիշատակի արարողութիւն իրականացնելու համար:

Scroll Up