Նիւ Տելհիի Հայկական Համայնքի Նախաձեռնութեամբ Կ’ոգեկոչուի Սպիտակի Երկրաշարժի Զոհերու Յիշատակը

Հնդկաստանի Նիւ Տելհի քաղաքի` անգլերէնի ուսուցմամբ Սփրինգտէյլս (Springdales) դպրոցներու ցանցի 5 դպրոցներէն մէկուն մէջ` Տհաուլա Քուանի մէջ, դեկտեմբեր 7-ի յիշատակի մեծ ձեռնարկ պիտի կազմակերպուի` նուիրուած Սպիտակի աւերիչ երկրաշարժի 30-րդ տարե­լիցին: Այս մասին «Հայերն այսօր»-ին Նիւ Տելհիէն կը յայտնէ Գայեանէ Մովսիսեան:

Տեղի հայկական համայնքի նախաձեռնութեամբ կազմակերպուող այս ձեռնարկին պիտի մասնակցին Հնդկաստանի մէջ ՀՀ արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Արմէն Մարտիրոսեան, ՀՀ-ի մէջ Հնդկաստանի նախկին դեսպան Սուրէշ Պապուն, դպրոցի տնօրէն Ճեոտի Պոսեն:

Ի դէպ, Տհաուլա Քուան (Dhaula Kuan) կրթօճախն այն կառոյցներէն է, որ տարիներ առաջ նոյնպէս ներդրում  ունեցած է` ի նպաստ Սպիտակի աղէտեալներու կազմակերպուող դրամահաւաքին: Հայկական համայնքային կառոյցը կոչ կ՛ընէ բոլորին` համախմբուելու եւ յարգելու աւերիչ երկրաշարժի անմեղ զոհերու յիշատակը` յատուկ ընդգծելով, որ իւրաքանչիւրի մասնակցութիւնը չափազանց կարեւոր է:

Scroll Up