ՀԲԸՄ-ՀԵԸ-ը Մասնակցեցաւ Պէյրութի Միջազգային Մարաթոնին

Յաջորդաբար հինգերորդ տարին ըլլալով, ՀԲԸՄ-ՀԵԸ –ը  իբրեւ կազմակերպիչ գործընկեր   մաս կը կազմէ Պէյրութի միջազգային Մարաթոնին: ՀԲԸՄ-ՀԵԸ-ը կը մնայ Պէյրութի  Մարաթոնի նախապատրաստական աշխատանքներուն կամաւորապէս մասնակցող  հայկական առաջին կազմակերպութիւնը:

Նախորդ տարիներուն նման, ՀԲԸՄ-ՀԵԸ Անդրանիկ Անթիլիաս եւ Անդրանիկ Սեւան  սկաուտական զոյգ շարժումներու հարիւրէ աւելի անդամ-անդամուհիներ (սկաուտ, արենուշ, քառավել, երէց եւ խմբապետական կազմեր), սատարեցին Մարաթոնի յաջողութեան: Կազմակերպիչները գնահատեցին ՀԲԸՄ-ՀԵԸ-ի հետեւողական, բծախնդիր եւ կամաւոր  մասնակցութիւնը:

ՀԵԸ-ի սկաուտական զոյգ շարժումները իրենց խմբապետական կազմերով, Շաբաթ   երեկոյեան համախմբուեցան ՀԲԸՄ- ՀԵԸ-ի Զապէլ Մովսէսեան կեդրոնը: Անոնք  միասնաբար ընթրեցին, կանուխ քնացան, նկատի ունենալով յաջորդ՝ Կիրակի օրուան  պարտականութիւնները: ՀԵԸ-ի Կեդրոնական Վարչութեան անդամներ Արթուր Գունտաքճեան եւ Շահան Սեմերճեան, ՀԲԸՄ-ի Վարիչ տնօրէն Անիթա Լիպիար,  ՀԵԸ Անդրանիկ Անթիլիաս սկաուտական  շարժումի ընդհանուր խմբապետ  Եղիկ  Աւետիքեան,  ՀԵԸ Անդրանիկ Սեւան սկաուտական շարժումի ընդհանուր  խմբապետ  Կարեն Պասմաճեան, անոնց կողքին՝  Հասմիկ  Աւետիքեան, Թալին  Ճեպեճեսն-Ինքնատիոսեան,  Փերուզ Թիւթիւնճեան, Արին Ղազարեան, Նշան Ղորղորեան մօտէն հետեւեցան աշխատանքներուն  յաջողութեան:

Առաւօտեան ժամը 4-ին, նախաճաշէն ետք, ՀԵԸ-ի սկաուտները երեք օթոպիւսներով  ուղղուեցան մայրաքաղաքի կեդրոնը: Օթոպիւսներուն վրայ կը  ծածանէին ՀԲԸՄ-ՀԵԸ-ի դրօշները:  Տղաքը   դիրք բռնեցին  մրցավազքի  «ֆինիշ լայն»ին երկու   կողմերը,  ուղեցոյց դառնալով վազորդներուն, իսկ աղջիկները  երկու խմբակներու բաժնուելով, ստանձնեցին տարբեր պարտականութիւններ, վազորդներուն  հայթայթելով  ջուր, սննդանիւթ, մետալներ  յանձնել շահողներուն:

Ուրախալի էր տեսնել ՀԲԸՄ-ՀԵԸ-ը ներկայացնող  մարզիկներու   մասնակցութիւնը  այս  տարուան Մարաթոնի երկու գլխաւոր  մրցումներուն: ՀԵԸ-ականներ՝ Արա  Խաչատուրեան եւ  տոքթ. Շահէ  Փարթամեան աւարտեցին 42  քլմ. մրցավազքը, մինչ՝  Անթիթա Լիպիար եւ Ժիւլ Շեհին՝ 21.5   քլմ.-ը:  Անոնք  Մարաթոնի աւարտին  ստացան  համապատասխան վկայական:

ՀԵԸ Անդրանիկ Անթիլիաս եւ ՀԵԸ Անդրանիկ  Սեւան  սկաուտական շարժումները իրենց  օրինակելի ընթացքով,  ազգային համերաշխութեան եւ  միասնականութեան   ոգի ներշնչեցին  Մարաթոնին  ողջ տեւողութեան:

ՀԵԸ-Ի Մամլոյ  Եւ Տեղեկատուական Գրասենեակ

Scroll Up