Արա Գէորգեան Իր Նոր Ստեղծագործութիւնը Նուիրած Է Շառլ Ազնաւուրի Յիշատակին

Երգահան, ՀՀ վաստակաւոր արուեստագէտ Արա Գէորգեան ՀՀ ազգային հերոս, աշխարհահռչակ շանսոնիէ Շառլ Ազնաւուրի անմար յիշատակին նուիրուած «Մեր Շառլը» երգը գրած է, որ կը կատարէ երգչուհի Մաշա Մնջոյեան:
«Հայերն այսօր»-ի թղթակիցին հետ զրոյցին Արա Գէորգեան ըսաւ, որ, հոկտեմբեր 1-ին, լսելով Շառլ Ազնաւուրի մահուան լուրը, յուզմունքը տեղի տուած է եւ մէկ գիշերուան ընթացքին գրած է սրտաբուխ ստեղծագործութիւնը: Երգահանն այս քայլով ցանկացած է հայ ժողովուրդի անունով շնորհակալութիւն յայտնել Շառլ Ազնաւուրին` Հայաստանին ցուցաբերած աջակցութեան, ազգանուէր գործունէութեան եւ անմնացորդ սիրոյ համար, որուն ականատեսը եղած ենք 1988 թուականի Սպիտակի երկրաշարժի զարհուրելի օրերուն եւ ոչ միայն:
«Անասելի ցաւ կ´ապրիմ. Շառլ Ազնաւուրն իր գոյութեամբ եւ երգերով աշխարհի բոլոր անկիւններուն մէջ հայերուս անունը բարձր պահած է եւ հպարտանալու շատ առիթներ տուած: Իսկ ինչ կը վերաբերի համացանցի մէջ տեղադրուած երգին, ապա այն արդէն հասցուցած է սիրուիլ եւ դրական արձագանք ունենալ ունկնդրին կողմէ»,-նշեց Արա Գէորգեան` աւելցնելով, որ յառաջիկային որոշած է «Մեր Շառլը» երգը նաեւ անգլերէն եւ ֆրանսերէն լեզուներով ձայնագրել, որոնք կը կատարեն ամերիկահայ եւ ֆրանսահայ երգիչ-երգչուհիները:
Զրոյցի աւարտին Արա Գէորգեան ընդգծեց նաեւ, որ Շառլ Ազնաւուրի հետ հանդիպելու հնարաւորութիւն իրեն երբեք չէ ընձեռնուած, որուն համար այնչափ կ´ափսոսայ: Նոյնիսկ ցանկացած էր իր` Հայոց ցեղասպանութեան սրբադասուած նահատակներուն նուիրուած «Ատանա» ստեղծագործութեան ֆրանսերէն տարբերակը հէնց մեծանուն հայուն առաջարկել կատարելու: