BBC News Arabic. Եգիպտոսի առաջին վարչապետը, Եգիպտոսի հայ համայնքի պատմութիւնը

BBC News Arabicը կը գրէ.

Եգիպտոսի մէջ կայացած եգիպտահայ համայնքին նուիրուած ձեռնարկներուն ներկայ գտնուած են Եգիպտոսի մէջ ներգաղքի եւ արտագաղթածներու հարցերով նախարար Նապիլա Մաքրամը եւ ՀՀ սփիւռքի նախարար Մխիթար Հայրապետեանը: Եգիպտոսի մէջ ներգաղթի եւ արտագաղթածներու նախարարութիւնը մշակած է «Մենք եգիպտահայերս» հաշթակը, որ համընկած է հայ համայնքին նուիրուած շաբթուան հետ:

Ինչպիսի՞ն է Եգիպտոսի հայ համայնքի պատմութիւնը

Եգիպտացիներու եւ հայերու յարաբերութիւնները սկսած են վաղ ժամանակներէն, հայերը նշանակալի ներդրում ունեցած են Եգիպտոսի մէջ տնտեսութեան, մշկոյթի եւ գիտութեան զարգացման մէջ: Այս մասին նշուած է Սօնիա Զիթըլեանի «Հայերը Եգիպտոսի մէջ: Հայոց ներդրումը մեջնադարեան եւ արդի ժամանակներուն» գիրքին մէջ , որ հրատարակուած է Գահիրէի մէջ ՀՀ դեսպանութեան կողմէ: Գիրքին համաձայն, Եգիպտոսի մէջ ամենէն ակնառու դէմքերէն եղած են Աբբասեան շրջանին 7-րդ դարէն մինչեւ Օսմանեան շրջանը 19-րդ դարու սկիզբը՝ Ալի պըն Եահիա ապու Էլ Հասան Ալ Արմանի իշխանը, որ եղած Եգիպտոսի կառավարիչը 841-849թթ., ան նշանակուած է Աբբասեան խալիֆային կողմէ, եւ արմատներով հայ Պետր Էլ տին Էլ Ճամալին մեմլուքը, որ նշանակուած է խալիֆա Էլ Մուսթանսըր Էլ Ֆաթըմիի կողմէ 1073թ.ին, վերջինիս օգնելու երկիրը կառավարելու ներքին երկպառակութեան, սովի եւ երաշխի շրջանին: Ճարտարապետ Սինան փաշան Օսմանեան կայսրութեան շրջանին կառուցած է Պոլաքի մէջ պատմական մզկիթը, Գահիրէի հացահատիկի շուկան եւ Պոլաքի բաղնիքը:

19-րդ դարու սկիզբը մեծ թիւով հայեր գաղթած են Եգիպտոս, կազմելով մեծ համայնք, այս մեծ հոսքի գաղթը պայմանաւորուած եղած է Մուհամէտ Ալիի իշխանութեան շրջանին հայերուն տրուած հնարաւորութիւններուն, աշխատելու որպէս թարգմանիչներ, բժիշկներ, նաեւ Ալաուիներու հարստութիւնն ու կալուածները կառավարելու: Եգիպտոս 19-րդ եւ 20-րդ դարերու սկիզբներուն եղած է առեւտրականներու եւ ազգային, կրօնական փոքրամասնութիւններու յարմար վայր, քանի որ Եգիպտոս Սթամպուլէն հեռու կը վայելէր անկախ իշխանութիւն: Մուհամմէտ Ալի փաշայի օրով Եգիպտոս ապրած է խաղաղութեան մէջ, այդպէսով հնարաւորութիւն տալով հետազօտողներու եւ ստեղծագործողներու հաստատման Եգիպտոսի մէջ: Առաջին համաշխարհային պատերազմին հազարաւոր հայերու սպանութիւնը, առանցքային իրադարձութիւն եղաւ Եգիպտոսի հայ համայնքի պատմութեան մէջ, մեծ թիւով գաղթականներ հասան Եգիպտոս, 1927թ.ի մարդահամարի տուեալներով մօտ 17 հազար հայ կ՛ապրէին Գահիրէի եւ Ալեքսանտրիոյ մէջ:

Կրթութիւն եւ արդիւնաբերութիւն

Առաջին հայկական դպրոցը հիմնուած է 1818թ.ին, Եղիազարեան հոգեւոր դպրոցը, պէյն Սուրէյն թաղամասին մէջ, ապա 1854թ.ին տեղափոխուած է տերպ Էլ Ճունէյնա թաղամաս, անունը փոխելով Մովսէս Խորենացի պատմաբանի անունով «Խորենեան»: 1904թ.ին գործարար Պօղոս Նուպարը դպրոցը փոխադրած է Պոլաք, 1907թ.ին հիմնած է Գալուստեան հայկական վարժարանը, որ ներառած է նաեւ մանկապարտէզ Գահիրէի կեդրոնին մէջ: Պօղոս Եուսուֆեան հիմնած է երկրորդ հայկական դպրոցը Ալեքսանտրիոյ մէջ 1890թ.ին: Հայերը Եգիպտոսի մէջ նպաստած են բազմաթիւ արդիւնաբերական ոլորտներու, ներառեալ նաւաշինութեան, գործուածքի եւ ծխախոտի արտադրութեան:

Առաջին հայկական թերթը Եգիպտոսի մէջ «Արմաւինի» հրատարակուած է 1865թ.ին , ասոր յաջորդած են բազմաթիւ թերեր հասնելով մինչեւ 140 թերթի: Այսօր եգիպտոսի մէջ կը հրատարակուի երկու օրաթերթ «Յուսաբեր» 1913թ.էն, «Արիֆ» 1915-էն, նաեւ «Ջահակիր» շաբաթաթերթը, որ հիմնուած է 1948թ.ին, նաեւ «Արիֆ» թերթի ամսական արաբերէն յաւելուածը, եւ եռամսեակային «Ջահակիր» թերթի երաժշտական յաւելուածը՝ «Ծիծեռնակ»-ը:

Եգիպտոսի հայերը կամ Ուղղափառ, կամ Կաթողիկէ են:

Եգիպտահայ ակնառու դէմքերէն կը համարուի Նուպար փաշան, որ եղած է առաջին վարչապետը Եգիպտոսի մէջ, նաեւ ծաղրանկարիչ Սարուխանը եւ յայտնի արուեստագէտներ Ֆէյրուզը, Նելլին, Միմի Ճամալը եւ Անուշքան:

Scroll Up