Ֆութպոլի Մրցաշարք Գամիշլիի Մէջ. ՀՄԸՄ 100-ամեակ

Գամիշլիի Հ.Մ.Ը.Մ.-ի  մասնաճիւղի Վարչութիւնն ու Հ.Մ.Ը.Մ.-ի մարզական յանձնախումբը կազմակերպեցին ֆութպոլի մրցաշարք մը, որ նուիրուած էր ՀՄԸՄ-ի 100-ամեակին։

Ամբողջ մէկ ամսուան մրցոյթները եզրափակուեցան Ուրբաթ օրուան մրցոյթով, Հ.Մ.Ը.Մ.-ի Մասիս եւ Ասորի Ս. Կիրակոս խումբերուն հանդիպումով , ուր Հ.Մ.Ը.Մ.- ը յաջողեցաւ իր դաշտին վրայ 7_ 2 արդիւնքով յաղթել մրցակիցը։

Մրցումի 5-րդ վայրկեանին Մասիսը կատարեց կոլերուն բացումը, որմէ 25 վայրկեաններ ետք նշանակեց երկրորդը: Հանդիսութիւնը բացուեցաւ Սուրիոյ եւ Հայաստանի հանրապետութիւններու քայլերգներով: Հանդիսավարն էր մարզիչ Ատուր Ադամեան։ Հ.Մ.Ը.Մ.-ի Վարչութեան ատենապետ բժ. Անդրանին Սարգիսեան իր խօսքով գնահատեց մասնակից քոյրերու եւ եղբայրներու տարած աշխատանքը որ կը դրսեւորուէր Հ.Մ.Ը.Մ.-ականի վայել մարզական բարձր ոգիով ու եղբայրական ջերմ վերաբերմունքով, աւարտին՝ ան յարատեւ վերելք մաղթեց մարզիկներուն:

Մարզական յանձնախումբի ատենապետ պր. Կարպիս Շիրիքճեան իր կարգին շնորհակալութիւն յայտնեց Հ.Մ.Ը.Մ.-ի պատմակերտ հիմնադիրներուն, որոնք իրենց հաստատ հաւատքով եւ հայավայել վճռակամութեամբ հիմնեցին հայ պատանիին ու երիտասարդին հոգին, միտքը եւ մարմինը կերտող մեծ դպրոցին եւ յղացան մեր նշանաբանը՝ «Բարձրացի՛ր-բարձրացուր»ը, որ կը մարմնաւորէ Հ.Մ.Ը.Մ. -ականին ամբողջական հաւատարմութիւնը:

Այնուհետև ելոյթ ունեցաւ Տիար Ճորճ Խազզում, որ կը համարուի Գամիշլիի մարզական կեանքի խորհրդանիշ, վաստակաշատ եւ նուիրեալ մարզիկ ու սերունդներու դաստիարակ։Վերջինս անդրադարձաւ Գամխլիի հայ մարզական կեանքի  100- ամեայ պատմութեան, շնորհաւորեց միութեանս հիմնադրութեան 100 ամեակը՝ մաղթեով բարի երթ. ինչպէս նաեւ մեծապէս ողջունեց այս մրցաշարի իրագործումը եւ յարատեւ յաջողութիւն ու համագործակցութիւն մաղթեց Հ.Մ.Ը.Մ.-ական նորահաս սերունդներուն:

 

Մրցոյթի աւարտին մասնակից խումբերը երէց ու նոր սերունդները ստացան 100 ամեակի յուշանուէրներ։ Մարզական ընկերային ոգիով Հ.Մ.Ը.Մ.-ական քոյրերն ու եղբայրները աշխոյժ մրցակցութեամբ ամբողջացուցին մրցոյթները՝  ձեռքբերելով  նոր փորձառութիւններ եւ պարգեւելով Հ.Մ.Ը.Մ.ական յատուկ պահեր ու նոր յուշեր։

Ռիթա Տէր Սարգիսեան-Կարապետեան

Գամիշլի

ԵՌԱԳՈՅՆ

Scroll Up