Շնորհակալագիրներ` «Քայլ Դէպի Տուն» Ծրագիրի Աջակիցներուն, Ուսուցիչներուն Եւ Կամաւորներուն
Սեպտեմբեր 12-ին սփիւռքի նախարարութեան մէջ հիւրընկալուեցան «Քայլ դէպի տուն» ծրագիրի աջակիցները, ուսուցիչներն ու կամաւորները:
Շնորհակալութիւն յայտնելով ներկաներուն` սփիւռքի նախարարի տեղակալ Արամայիս Գրիգորեան նշեց, որ «Քայլ դէպի տուն»-ը լաւ անցաւ նաեւ անոնց ջանքերուն շնորհիւ: «Ձեզ հետ համագործակցութիւնը ոչ թէ աւարտեցաւ, այլ նոր սկիզբ դրուեցաւ: Դուք այս ծրագիրի ծիրէն ներս մեծ գործ ըրած էք»,-նշեց նախարարի տեղակալը:
Սփիւռքի նախարարութեան շնորհակալագիրներուն արժանացան «Քայլ դէպի տուն» ծրագիրի իրականացման աջակիցները` Հայ-ռուսական համալսարանը, «Դասաւանդի՛ր, Հայաստան» կրթական հիմնադրամը, «Դէպի Հայք» հիմնադրամը, ՀԲԸՄ Հայկական վիրտուալ համալսարանը, «Թումօ» ստեղծարար արհեստագիտութիւններու կեդրոնը, «Վորլտ Վիժն Հայաստան» զարգացման եւ բարեգործական միջազգային կազմակերպութիւնը, «ԼՕՖԹ» ինքնազարգացման կեդրոնը, «Ակումբ 12»-ը, Menu.am-ը, «GG» ընկերութիւնը, «Արենա» պոուլինգ ակումբը, «All Inclusive Armenia» կազմակերպութիւնը, Ճանապարհային ոստիկանութեան ուղեկցող վարչութեան պետի տեղակալ Արթուր Սահակեանը եւ տեսուչ Ռոման Յակոբեանը, անհատներ Արթուր Սահակեանն ու Արմինէ Գէորգեանը:
Նախարարի տեղակալ Արամայիս Գրիգորեան նախարարութեան շնորհակալագիրներ յանձնեց նաեւ ծրագիրի ծիրէն ներս դասաւանդած ուսուցիչներուն եւ կամաւորներուն` յոյս յայտնելով, որ համագործակցութիւնը կ՛ըլլայ շարունակական:
Յիշեցնենք, որ «Քայլ դէպի տուն» ծրագիրը իրականացուեցաւ օգոստոս 10-24 եւ ունեցաւ 400 մասնակից 24 երկիրներէ: