Հանդիպում Հ․Հ․ Սփիւռքի Նախարար Մխիթար Հայրապետեանի Հետ

Երկուշաբթի, Օգոստոս 6-ի առաւօտեան, «Հայրենիք»-ի շէնք այցելեց Հ․Հ․ Սփիւռքի Նախարար Մխիթար Հայրապետեան, որ աւելի քան շաբաթէ մը ի վեր ժամանած էր Միացեալ Նահանգներ, շրջելու համար քանի մը գաղթօճախներ, որոնց կարգին Լոս Անճելըս, Նիւ Եորք եւ Պոսթըն։
«Հայրենիք»-ի անձնակազմին կողքին, նաեւ ներկայ էին Հ․Օ․Մ․-ի եւ Հ․Ե․Դ․-ի ներկայացուցիչներ։ Նախարար Հայրապետեանին կ՛ընկերակցէր խորհրդատու Վահէ Սահակեան (Միշիկըն)։ Իսկ Ա․Մ․Ն․ արեւելեան շրջանի Հ․Յ․Դ․ Կեդրոնական Կոմիտէն կը ներկայացնէին Ճորճ Աղճայեան եւ Ժան Աւետիսեան։
Գրեթէ մէկ ժամ տեւողութիւն ունեցող հանդիպման ընթացքին արծարծուեցան Հայաստան-Սփիւռք յարաբերութիւններու հետ առնչոչող հարցեր։ Նախարարը յաւելեալ տեղեկութիւններ փոխանցեց կատարուելիք աշխատանքներուն մասին եւ կոչ ուղղեց անմիջական գործակցութեան։
Ան շնորհակալութիւն յայտնեց, զանազան բնագաւառներէ ներս, Հայաստանի ի նպաստ գործող ժողովրդական կազմակերպութիւններուն, որոնք յատկապէս տագնապալի օրերուն կը գործեն եւ իրենց անմիջական ներդրումը կը բերեն։
Հուսկ, նախարար Մխիթար Հայրապետեան այցելեց Հ․Յ․Դ․-ի եւ Հայաստանի Ա․ հանրապետութեան արխիւները։
Նշենք թէ շաբաթ, Օգոստոս 4-ի երեկոյեան Հայ Կեդրոնին մէջ տեղի ունեցած էր հանդիպում-զրոյց, իսկ յաջորդ օրը՝ Կիրակի Օգոստոս 5-ին, նախարար Հայրապետեան այցելած էր շրջանի Սուրբ Ստեփանոս եւ Սուրբ Յակոբ եկեղեցիները եւ ապա մեկնած էր «Քէմփ Հայաստան»։