Իրաքի Հայ Համայնքի Աջակցութիւնը Սահմանամերձ Խաչիկ Բնակավայրին

ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան «Սահմանապահ բնակավայրերու աջակցութիւն» ծրագիրի ծիրէն ներս նախարարութեան եւ Իրաքի Հանրապետութեան մէջ հայ համայնքի համագործակցութեան արդիւնքով յուլիս 29-ին Խաչիկ բնակավայրին մէջ տեղի ունեցաւ ջրազտիչ կայանի եւ խաղահրապարակի բացման հանդիսաւոր արարողութիւնը, որուն ներկայ էին Իրաքի Ազգային կեդրոնական վարչութեան փոխատենապետ Գէորգ Գատոյեան, վարչութեան գանձապահ Վարդան Վարդանեան, Պաղտատի Հայ երկսեռ երիտասարդաց միութեան ատենապետ Կարապետ Գալուստեան, Հայ մշակութային միութեան փոխատենապետ Նուշիկ Մելքոնեան, Սիլվա Մանուկեան, Շաքէ Գալուստեան, Խաչիկ բնակավայրի ղեկավար Վարդան Ներսիսեան, Սփիւռքի նախարարութեան Մերձաւոր եւ Միջին Արեւելքի հայ համայնքներու վարչութեան գլխաւոր մասնագէտ Լուսինէ Բասենցեան, բնակիչներ:
«Հայերն այսօր»-ի փոխանցմամբ, աշխատանքերու մեկնարկը տրուած էր 2018 թուականի մարտ ամսուն: Իրականացուած է ջրազտիչ աւազանի կառուցում, 500մ խմելու ջուրի խողովակի տեղադրում, երեխաներու համար նախատեսուած ջրաւազանի կառուցում, խաղահրապարակի վերանորոգում, ինչպէս նաեւ 2500 պտղատու ծառերու տնկիներու տրամադրում: