Հայաստանի Հաւաքականը Փորձնական Կազմով Պարտուեցաւ Սուրիոյ

Պասքէթպոլի տղամարդոց Հայաստանի ազգային հաւաքականը Լիբանանի մայրաքաղաք Պէյրութի մէջ ընկերական հանդիպում ունեցած է Սուրիոյ ազգային հաւաքականին հետ:
Ինչպէս «Հայերն այսօր»-ին կը յայտնեն ՀԲՖ-ի մամլոյ ծառայութենէն, Հայաստանի խումբը խաղցած է փորձնական կազմով եւ պարտուած 66:77 հաշուով:
Հայաստանի հաւաքականը յունիս 26-ին Պէյրութէն կը մեկնի Գոպընհակըն, ուր յունիս 28-ին Եւրոպա-2021-ի ընտրական հանդիպում կ’իրականացնէ Դանիոյ ազգային հաւաքականին հետ: