Շառլ Ազնաւուրի Առողջական Վիճակը Մտավախութիւն Չառաջացներ

Նախօրէին Ս. Փետերսպուրկի մէջ հիւանադանոց տեղափոխուած ֆրանսահայ շանսոնյէ Շառլ Ազնաւուրի առողջական վիճակը բժիշկներուն մօտ մտավախութիւն չառաջացներ կը յայտնէ tass.ru-ն` յղում կատարելով  արուեստագէտին մօտ կանգնած աղբիւրին:

«Համերգէն առաջ եղած փորձի ժամանակ մայեստրոյին մէջքը բռնուած է, ատոր համար ստիպուած եղանք չեղարկելու ձեռնարկը: Բժիշկները զննած ու  հաստատած են, որ ատիկա մկանային խնդիր էր: Այնպէս որ որեւէ լուրջ բան չկայ: Հիմա ան արդէն հիւրանոցին մէջ, կը հանգստանայ», -աւելցուցած է աղբիւրը:

Յայտնի է, որ Ս. Փեթերսպուրկի մէջ կայանալիք համերգը տեղափոխուած է յաջորդ տարուան ապրիլին:

Մինչդեռ 93-ամեայ շանսոնյէի պաշտօնական ներկայացուցիչ Վինսենս Սթարքը աւելցուցած է, որ Ազնաւուրն այսօր` ապրիլ 26-ին, կը վերադառնայ Ֆրանսա:

Scroll Up