Քեմերովոյի Հայկական Համայնքի Ղեկավարը Կը Պատմէ, Թէ Ինչպէս Հայ Մարզիկը Կրցած է Փրկել Մարդոց

Քաղաքը փոքր է, գրեթէ բոլոր բնակիչները գիտեն իրար, եւ իւրաքանչիւրը պատահածը որպէս անձնական ողբերգութիւն կ’ընդունի: Մարդիկ չեն կրնար քնանալ, անոնք սարսափած են, վշտացած:

Քեմերովոյի հայկական համայնքի ղեկավար Արգիշտի Սիմոնեան Sputnik Արմէնիայի թղթակիցին հետ զրոյցին պատմեց, թէ ինչպիսի իրավիճակ է քաղաքին մէջ, եւ ինչպէս  համայնքը կը վերաբերի ողբերգութեան:

«Մեծ դժբախտութիւն  պատահած է, երեխաներ  մահացած են: Դուք գիտէք, թէ ինչպէս  հայ ժողովուրդը կ’արձագանքէ նման բաներուն: Քաղաքը փոքր է, գրեթէ բոլորը կը ճանչնան իրար, եւ իւրաքանչիւրը պատահածը որպէս անձնական ողբերգութիւն կ’ընդունի: Մենք բոլորս անհանգիստ ենք, գրեթէ չենք քնանար: Ատիկա ցնցեց բոլորս : Թէ ի՞նչ պատահեցաւ: Չենք գիտեր` ինչ ըսենք», — կ’ըսէ համայքի ղեկավարը:

Սիմոնեան չորս երեխայ ունի, անոնք նոյնպէս յաճախ այցելած են առեւտրի կեդրոնը: Իսկ հրդեհէն երկու ժամ առաջ այնտեղ եղած են անոր ընկերոջ երեխաները:

Ան նաեւ հաղորդած է, որ տեղի հայերէն մէկը` մարզիկ Արսէն Խաչատրեանը, հրդեհի ժամանակ ընտանիքին հետ եղած է առեւտրի կեդրոնին մէջ: Ան կրցած է ժամանակին դուրս բերել ընտանիքը, ինչպէս նաեւ օգնել շատ մարդոց դուրս գալ այրուող շէնքէն:

Յիշեցնենք, որ «Զիմնեայա վիշնիա» առեւտրի կեդրոնին մէջ հրդեհը բռնկած էր մարտ 25-ին: Վերջին տուեալներով` զոհուածներու թիւը 64 է, որոնցմէ շատերը երեխաներ են: Քեմերովոյի մարզի իշխանութիւններն ու իրաւապահ մարմինները կը ստուգեն 78 մահացածի մասին տուեալները:

Scroll Up