ՀՀ Սփիւռքի Նախարար Հրանոյշ Յակոբեան Մասնակցեցաւ Պէյրութահայ Գրող, Պատմաբան Լեւոն Վարդանի Անձնական Գրադարանի Բացման

Մարտ 26-ին Եւրասիա միջազգային համալսարանին մէջ ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան մասնակցեցաւ պէյրութահայ գրող, պատմաբան Լեւոն Վարդանի անձնական գրադարանի բացման արարողութեան: Լեւոն Վարդանի գրական ժառանգութիւնը, արխիւային նիւթերը, անտիպ ձեռագրերը գրողի ընտանիքին կողմէ նուիրաբերուած են Եւրասիա միջազգային համալսարանի գրադարանին:
Ողջունելով ներկաները` նախարար Հրանոյշ Յակոբեան նախ եւ առաջ շնորհաւորեց համալսարանի ուսանողները, արեւմտահայ գրականութիւնը եւ պատմութիւնը ուսումնասիրողները նման հարուստ ժառանգութիւն Հայրենիքի մէջ ընթերցելու, հետազօտելու հնարաւորութեան համար: «Սա պատմական իրողութիւն է: Երկար դեգերումներից հետ Լեւոն Վարդանը «Վերադարձաւ» Հայաստան իր աշխատութիւնների ու գրքերի տեսքով: Ծնուեց Հալէպում, ապրեց, կրթուեց Լիբանանում, եւ ամէնից առաջ եղաւ մանկավարժ ու ուսուցիչ, թողեց իր մնայուն հետքը: Նա իր պատմագիտական ուսումնասիրութիւնների մեծ մասը նուիրեց մեր ամենամեծ ցաւին` Ցեղասպանութեանը: Լեւոն Վարդանի ժառանգութեան տեղափոխումը Հայաստան` նրա ընտանիքի մեծ նուէրն է մեզ բոլորիս»,-նշեց Սփիւռքի նախարարը:
Նախարար Հրանոյշ Յակոբեան յորդորեց ուսանողները կարդալ մեծանուն գրողի եւ՛ պատմագիտական, եւ՛ գեղարուեստական ստեղծագործութիւնները: «Գիրքն ամենաթանկ արժէքն է, այն թող դառնայ ձեր ընկերը, ուղեկիցը, ապագայի ճանապարհ հարթողը: Յուսամ` այս կարեւոր գրքերը դուք հաճոյքով կ’ընթերցէք, եւ յոյս ունեմ նաեւ, որ դրանք մօտ ապագայում կը թուայնացուեն»,- ընդգծեց Հրանոյշ Յակոբեան:
Եւրասիա միջազգային համալսարանի տնօրէն Սուրէն Օհանեան օրը համարեց յիշարժան համալսարանի համար եւ շնորհակալութիւն յայտնեց Սփիւռքի նախարարութեան Լեւոն Վարդանի գրական ժառանգութիւնը Պէյրութէն Երեւան տեղափոխելու հարցով ցուցաբերած օժանդակութեան համար: «Գրադարանը բաց եւ հասանելի է իւրաքանչիւրի համար, որ կը ցանկայ գալ եւ ծանօթանալ պէյրութահայ գրողի ժառանգութեան: Մենք այս ձեւով նպատակ ունինք նաեւ հանրահռչակել Լեւոն Վարդան հեղինակը, պատմաբանը, անհատը»,-նշեց Սուրէն Օհանեան:
«Սփիւռք» գիտաուսումնական կեդրոնի տնօրէն Սուրէն Դանիէլեան ընդգծեց, որ գրողի գրական արխիւին հետ Հայաստան տեղափոխուած է նաեւ Սփիւռքի գրական աշխարհի մէկ մասիկը:
Ելոյթ ունեցաւ նաեւ Եղիշէ Չարենցի անուան գրականութեան եւ արուեստի թանգարանի տնօրէն Կարօ Վարդանեան:
«Լեւոն Վարդանի գրական ժառանգութիւնը» զեկուցմամբ հանդէս եկաւ ԵՄՀ յենակետային վարժարանի փոխտնօրէն Սիրարփի Դաւթեան:
Այնուհետեւ վարժարանի սուրիահայ աշակերտներ Սարգիս Գաթրճեան եւ Լառա Պաթրոնեան ընթերցեցին հատուածներ գրողի ստեղծագործութիւններէն: