Ուրուկուէյի Համալսարանին ՄԷջ Պիտի Դասաւանդուի Արեւելահայերէն

Ուրուկուէյի համալսարանի բանասիրական եւ մանկավարժական գիտութիւններու բաժանմունքի օտար լեզուներու հիմնարկին մէջ ուսանողներուն համար բացուած է արեւելահայերէնի դասընթացներ:
Այս մասին տեղեկատուութիւն հրապարակուած է համալսարանի պաշտօնական կայքին մէջ մարտ 16-ին: Յայտերու ընդունման վերջնաժամկէտն ապրիլ 6-ն է:
Հաղորդմամբ, արեւելահայերէնի ուսուցման դասերու իրականացումը պիտի կատարուի 2016 թուականին` ԵՊՀ-ի ու Ուրուկուէյի համալսարանի միջեւ կնքուած համագործակցութեան համաձայնագրի ծիրէն ներս: Համաձայնագրի նպատակն է աջակցիլ մշակոյթի, կրթութեան, գիտական հետազօտութիւններու տարածման:
Դասընթացները պիտի իրականացնէ բանասէր, հայոց լեզուի եւ գրականութեան մասնագէտ Յովհաննէս Բոդուկեան: