Սփիւռքի Նախարարն Ընդունեց Պրազիլ Գործուղուած Պարուսոյցը

Փետրուար 23-ին ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան ընդունեց նախարարութեան եւ Սան Փաուլոյի Համազգային հայ կրթական եւ մշակութային միութեան մասնաճիւղի աջակցութեամբ Պրազիլ գործուղուած պարուսոյց Յովհաննէս Դաշտոյեանը:
Ողջունելով հիւրը` նախարար Հրանոյշ Յակոբեան բարձր գնահատեց անոր երկամսեայ աշխատանքը Սան Փաուլոյի մէջ, նշեց, որ պարուսոյցի այցով համայնքը նոր շունչ, ոգի ստացած է, եւ յատկապէս գովելի է, որ հայ ազգային պարը հետաքրքրած է ոչ միայն երիտասարդներուն, այլեւ տարբեր տարիքային խումբերու ներկայացուցիչներուն:
Շնորհակալութիւն յայտնելով ընդունելութեան համար` Յովհաննէս Դաշտոյեան ներկայացուց գործուղման արդիւնքերը, պատմեց իր տպաւորութիւնները Սան Փաուլոյի հայ համայնքին մասին: