«ԱՌՆՈՒԱԶՆ ԵՐԵՔ ՈՐԴԻՈՎ ՍԵՂԱՆ ՆՍՏԻՆՔ»
«ՀԱՅԵՐԸ` ԱՌԱՆՑ ԾԽԱԽՈՏԻ»
«ՀԱՅԱՍՏԱՆԸ ԲՈԼՈՐ ՀԱՅԵՐՈՒՆ ՀԱՅՐԵՆԻՔՆ Է, ԵԿԷ՛Ք ՀԶՕՐԱՑՆԵՆՔ ԶԱՅՆ»
«ՀԱՅ Է ԱՆ, ՈՎ ԻՆՔԶԻՆՔ ՀԱՅ ԿԸ ԶԳԱՅ»
«ՀԱՅԸ ԻՐ ՀԱՅՐԵՆԻՔԻՆ ԾԱՌԱՅԵԼԷՆ ԲԱՑԻ ՊԷՏՔ Է ՆԱԵՒ ՀԱՅՐԵՆԻՔԻ Մէջ ՇԱՀ ՍՏԱՆԱՅ»
«ԴԱՐՁԻ՛Ր ՀԱՅ ՄՇԱԿՈՅԹԻ ԺԱՌԱՆԳՈՐԴԸ, ՏԷՐՆ ՈՒ ՊԱՇՏՊԱՆԸ ԱՄԵՆՈՒՐԵՔ»
«ՔՈՒ ՏԱՂԱՆԴԷԴ, ՇՆՈՐՀՆԵՐԷԴ ԱՓ ՄԸ ՎԵՐԱԴԱՐՁՈ՛ՒՐ ՀԱՅՐԵՆԻՔԻԴ»
«ՏԱՆ ՄԷՋ ԽՕՍԻ՛ՆՔ ՀԱՅԵՐԷՆ»
«ԱՌՆՎԱԶՆ 3 ՏԱՐԻՆ ՄԷԿ ԱՆԳԱՄ ՀԱՆԳՍՏԱՑԻ՛Ր ՀԱՅՐԵՆԻՔԻ Մէջ»
«ԳԾԷ՛ ՏՈՀՄԱԾԱՌԴ»
«ԱՄՈՒՍՆՈՒԹԻՒՒՆ, ՀԱՅՐԵՆԻՔԻՍ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՄԲ»
«ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԱՆՈՒՆԸ ԵՒ «ԵԱՆ»-Ը ՔՈՒ ԻՆՔՆՈՒԹԻՒՆԴ Է ԱՇԽԱՐՀԻ ՄԷՋ»
«ԴՐԱՄԱԿԱՆ ՀԱՇԻՒ ՈՒՆԵՑԻՐ ՀԱՅՐԵՆԻՔԻ ՄԷՋ
«ԻՒՐԱՔԱՆՉԻՐ ՀԱՅ ՊԷՏՔ Է ՏԵՍՆԷ ՀԱՅԱՍՏԱՆԸ»
«ԿԱՆՔ, ՊԻՏԻ ԼԻՆԵՆՔ ՈՒ ԴԵՌ ՇԱՏԱՆԱՆՔ» Պ. ՍԵՒԱԿ
«ՈՎ ՀԱՅ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴ, ՔՈ ՄԻԱԿ ՓՐԿՈՒԹԻՒՆԸ ՔՈ ՀԱՒԱՔԱԿԱՆ ՈՒԺԻ ՄԷՋ Է» Ե. ՉԱՐԵՆՑ

Վարչապետը Տաւոսի ՄԷջ Հանդիպումներ Ունեցած Է Միջազգային Խոշոր Ընկերութիւններու Ղեկավարներու Հետ

Վարչապետ Կարէն Կարապետեան Տաւոսի մէջ ընթացող Համաշխարհային տնտեսական համաժողովի ծիրէն ներս այսօր հանդիպումներ ունեցած է միջազգային խոշոր ընկերութիւններու ղեկավարներու հետ:
Կարէն Կարապետեանի առաջին հանդիպումը խորհրդատուութեան ոլորտին մէջ «Մեծ եռեակ»-ի ընկերութիւններէն մէկուն` «Պի Սի Ճի» (Boston Consulting Group, BCG) ընկերութեան նախագահ Հանս-Փոլ Պեորներու հետ էր:
Հանդիպման քննարկուած են «Պի Սի Ճի» ընկերութեան եւ «Պի Սի Ճի Տիճիթլ Վենչուրս» ընկերութեան հետ համագործակցութեան հեռանկարները: Կարէն Կարապետեան ընդգծած է, որ Հայաստան կրնայ հետաքրքիր ըլլալ ընկերութեան համար` ինչպէս որպէս առանձին երկիր, այնպէս ալ որպէս տարածաշրջանային շուկաներ մուտք գործելու հարթակ` նշելով, որ ըլլալով ԵԱՏՄ անդամ, Հայաստան կ’օգտուի նաեւ Եւրոմիութեան GSP+ արտօնեալ կարգէն, իսկ հարեւան Իրանի հետ սահմանին կը ստեղծուի Մեղրի ազատ տնտեսական գօտին, որ գործակցութեան նոր հնարաւորութիւններ կրնայ ստեղծել: Զրուցակիցներն անդրադարձած են փոխգործակցութեան հեռանկարային ուղղութիւններուն:
«Մեծ եռեակ»-ին մէջ, բացի «Պի Սի Ճի»-էն, ընդգրկուած են նաեւ McKinsey եւ Bain & Company ընկերութիւնները: Ներկայիս «Պի Սի Ճի» ընկերութիւնը գրասենեակներ ունի 50 երկրի մէջ:
Վարչապետի միւս հանդիպումը « ՎԵՈՆ » ( VEON) ընկերութիւններու խումբի գլխաւոր գործադիր տնօրէն Ժան Իւ Շարլիէի հետ եւ արտաքին կապերու ղեկավար Մարք Մաքգանի հետ էր:
Կարէն Կարապետեան նշած է, որ Հայաստան կը գնահատէ « ՎԵՈՆ »-ի հետ հաստատուած համագործակցութիւնը` յոյս յայտնելով, որ ընկերութիւնը կ’ընդլայնէ իր գործունէութիւնը Հայաստանի մէջ եւ կ’աւելցնէ ներդրումներու ծաւալը:
Զրուցակիցներն անդրադարձած են նաեւ ՀՀ կառավարութեան կողմէ իրականացուող Թուային օրակարգին` ընդգծելով ատոր կարեւորութիւնը երկրի տնտեսութեան զարգացման համար:
» ՎԵՈՆ »-ի ներկայացուցիչները նշած են, որ բաւարարուած են 2017 թուականի արդիւնքներով, եւ իրենց ծրագիրները Հայաստանի մէջ շարունակական պիտի ըլլան: «Մենք լաւատեսութեամբ կը նայինք Հայաստանին ու տարածաշրջանին, եւ կը կարծենք, որ այն աւելի գրաւիչ պիտի դառնայ օտաերկրեայ ներդրողներուն համար», – նշած է Ժան Իւ Շարլիեն` տեղեկացնելով, որ մօտ ժամանակներս կրկին պիտի այցելէ Հայաստան:

 

Scroll Up