ՀՀ Սփիւռքի Նախարար Հրանոյշ Յակոբեան Ընդունեց Գործարար Հովել Շնորհոքեանը
![](https://old.hayernaysor.am/wp-content/uploads/2017/11/handipwum-1.jpg)
ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան նոյեմբեր 22-ին ընդունեց ֆրանսահայ գործարար Հովել Շնորհոքեանը: Հանդիպման ընթացքին քննարկուեցան Եւրոպայի հայ համայանքներէն հայրենդարձութեան առնչուող հարցեր:
Հովել Շնորհոքեան ՀՀ սփիւռքի նախարարին ներկայացուց քանի մը ծրագիր, որոնց իրականացման համար կ’ակնկալէ Հայաստանի կառավարութեան աջակցութիւնը: Այդ ծրագիրներէն է այնպիսի կազմակերպութեան ստեղծումը, որ հնարաւորութիւն կ’ունենայ իրականացնելու սփիւռքահայերու հիմնախնդիրներուն վերաբերող հարցերը, Հայրենիքի հետ գործակցութեան ծրագիրները եւ այլն:
ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան ողջունեց Հովել Շնորհոքեանի` հայապահպանութեան ուղղուած քայլերը եւ առաջարկեց ուշադրութեան կեդրոնին մէջ պահել յատկապէս հայերու ու հայկական կազմակերպութիւններու հնարաւոր համախմբումը` պատրաստակամութիւն յայտնելով հնարաւորութեան սահմանին մէջ աջակցելու այդ գաղափարներու իրականացումը: