ՀՀ Սփիւռքի Նախարարութեան ՄԷջ Տեղի Ունեցաւ Խորհրդակցութիւն
![](https://old.hayernaysor.am/wp-content/uploads/2017/11/IMG_6890.jpg)
ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան մէջ նախարար Հրանոյշ Յակոբեանի ղեկավարութեամբ նոյեմբեր 13-ին տեղի ունեցաւ խորհրդակցութիւն, որուն կը մասնակցէին նախարարի տեղակալներ Սերժ Սրապիոնեան, Վահագն Մելիքեան, աշխատակազմի ղեկավար Ֆիրդուս Զաքարեան, կառուցուածքային ստորաբաժանումներու ղեկավարները:
Կառուցուածքային ստորաբաժանումներու ղեկավարները զեկուցեցին շաբթուան ընթացքին իրականացուած աշխատանքներուն վերաբերեալ, նշեցին յառաջիկայ ընելիքները:
Նախարարը կարեւոր համարեց Հայաստան-Սփիւռք գործակցութեան հայեցակարգի լրամշակումը, արեւմտահայերէնի պահպանման ու զարգացման եւ հայրենադարձութեան կազմակերպման ռազմավարութիւններու մշակումն ու ամփոփումը, Ռուսիոյ մէջ Հայաստանի մշակոյթի օրերուն նուիրուած համայնքային ձեռնարկներու պատշաճ իրականացումն ու հանրահռչակումը, սահմանապահ գիւղերուն աջակցութեան ծրագիրի ընդլայնումը:
Քննարկուեցան աշխատանքային այլ հարցեր: Տրուեցան յանձնարարականներ