ՀԲԸՄ-ՀԵԸ Մօտիկ Ապագային Պիտի Օժտուի Արդիական Ֆութպոլի Դաշտով

ՀԲԸՄ-ի Հայ Երիտասարդաց Ընկերակցութեան գործունէութեան կիզակէտը աշխարհի տարբեր ափերու վրայ եղած է մատղաշ սերունդին հայեցի դաստիարակութիւնը:
Այս նշանաբանը հաւատամք եղած է ՀԵԸ-ի համար: Վկայ անոր ութսունհինգամեայ գործունէութիւնը, ուր մշակոյթի, մարմնամարզութեան, երիտասարդական, սկաուտական զանազան շարժումներու միջոցով Հայ Երիտասարդաց Ընկերակցութիւնը դարձած է ապագային նայող եւ ապագայի հայը պատրաստող կազմակերպութիւն:
ՀԵԸ-ի այսօրը չի տարբերիր անոր երէկէն: Այսօր, շնորհիւ ՀԲԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանակային Յանձնաժողովի ատենապետ Ժերար Թիւֆենքճեանի անմնացորդ աջակցութեան եւ քաջալերանքին, ՀԵԸ-ի Կեդրոնական Վարչութեան ճիգերուն, ի մասնաւորի ՀԵԸ-ի Կեդրոնական Վարչութեան գանձապահ Վաչէ Մելքոնեանի անմիջական հետապնդումներուն, շինարարական աշխատանքներուն վրայ հետեւողական հսկողութեան, ՀԲԸՄ-ՀԵԸ-ի պատկան Նաքքաշի ֆութպոլի դաշտը կը կանաչապատուի եւ կ’օժտուի ժամանակակից ֆութպոլի լաւագոյն յարմարութիւններով: Նոր մարզադաշտին շինարարութիւնը մօտեցած է աւարտին:
Այսպիսով, ՀԵԸ Անդրանիկը ոչ միայն պիտի ունենայ ֆութպոլի դաշտ, այլեւ հայ երիտասարդին առողջ դաստիարակութեան համար ֆութպոլի դպրոց եւ երիտասարդութեան ակնկալութիւնները գոհացնող նոր մարզադաշտ:
ՀԵԸ-Ի ՄԱՄԼՈՅ ԵՒ ՏԵՂԵԿԱՏՈՒԱԿԱՆ ԳՐԱՍԵՆԵԱԿ