Գարեգին Բ եւ Ատրպէյճանի Հոգեւոր Առաջնորդը Սեպտեմբերին Պիտի Հանդիպին

Ամենայն Հայոց Կաթողիկոս Գարեգին Բ եւ Ատրպէյճանի հոգեւոր առաջնորդ Ալահշուքիւր Փաշազատէն Սեպտեմբերին պիտի հանդիպին: Այս մասին ըսած է Մայր Աթոռ Սբ. Էջմիածինի տեղեկատուական համակարգի տնօրէն Տէր Վահրամ քահանայ Մելիքեանը:

«Նախնական տուեալներով` հանդիպումը տեղի պիտի ունենայ Սեպտեմբեր 8-ին, Մոսկուայի մէջ»,- ըսած է Տէր Վահրամը:

Հանդիպումը կը կազմակերպուի Համայն Ռուսիոյ Պատրիարք Գիրիլի միջնորդութեամբ:

Scroll Up